image

Լիբանանի հարաւը դարձեալ իսրայէլեան կրակներու տակ

Լիբանանի հարաւը դարձեալ իսրայէլեան կրակներու տակ

Իսրայէլեան բանակը շարք մը հարուածներ հասցուցած է Լիբանանի հարաւային շրջանին։ Այս մասին հաղորդած է Լիբանանի Ազգային տեղեկատուական գործակալութիւնը։

Գործակալութեան համաձայն՝ ալ-Մանսուրի բնակավայրի շրջանը ենթարկուած է օդային երել յարձակման եւ հրետանային ռմբակոծութեան։ Առնուազն եւս չորս օդային հարուած հասցուած է Տիւրոս քաղաքէն ոչ հեռու գտնուող Պուրճ ալ-Շիմալի գիւղին։ Լիբանանեան կողմի համաձայն՝ Տիւրոսի բժշկական հաստատութիւններ ընդունուած է նուազագոյնը չորս վիրաւոր։

Օգոստոս 5-ին Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը «Հըզպալլա»-ն մեղադրած է Լիբանանի հարաւին մէջ զինադադարի դրութիւնը խախտելու մէջ եւ յայտարարած է արաբական հանրապետութեան տարածքի ռմբակոծման մասին։

Լիբանանեան լրատուամիջոցներու համաձայն՝ Թիպնին գիւղին վրայ իսրայէլական յարձակման հետեւանքով մէկ մարդ զոհուած է, իսկ 11 հոգի՝ վիրաւորուած։ Աւելի ուշ ՑԱՀԱԼ-ը տեղեկացուցած է իբանանի հարաւին մէջ երկու իսրայէլացի զինծառայող զոհուելու մասին։