image

Պէյօղլուի մէջ. Մարալ Այվազի անունը դարձեալ փայլեցաւ

Պէյօղլուի մէջ. Մարալ Այվազի անունը  դարձեալ  փայլեցաւ

Օրերս, Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած երաժշտական երեկոյի մը ընթացքին, տաղանդաւոր երգչուհի Մարալ Այվազ հերթական անգամ գերած է երաժշտասէրները՝ հարուստ երգացանկով, բեմական ներկայութեամբ եւ զգացմունքներով լի կատարումներով։ Համերգը, որ համախմբած է մեծաթիւ ներկաներ, անգամ մը եւս հաստատած է երգչուհիին առանձնայատուկ տեղը պոլսահայ երաժշտական կեանքին մէջ։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Տաղանդաւոր եւ սիրուած երգչուհի Մարալ Այվազ հերթական անգամ բեմ բարձրացաւ եւ իր նրբաճաշակ ընտրութեամբ, երաժշտական հարուստ ծրագիրով ու բեմական ներկայութեամբ անմոռանալի երեկոյ մը պարգեւեց զինք ունկնդրելու եկած բազմաթիւ երաժշտասէրներուն։

Պէյօղլուի Նարեկեան սրահն էր, որ այս անգամ հիւրընկալեց համերգը, կազմակերպութեամբ Պէյօղլուի Թաղային Խորհուրդին։ Սրահը լեփ-լեցուն էր։ Ներկայ էին Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, Արամ Արք. Աթէշեան, Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Արժանապատիւ քահանայ հայրեր եւ համայնքային բազմաթիւ դէմքեր։

Մարալ Այվազի համերգներուն հետեւողներ գիտեն, որ ան բեմ բարձրանալով միայն երգեր չի ներկայացներ։ Մարալ շատ արագ ու բնական կերպով կամուրջ մը կը հաստատէ հանդիսատեսին հետ եւ ամբողջ երեկոյի ընթացքին այդ կամուրջին վրայէն կը հոսին զգացումները, յուզումը, ուրախութիւնը եւ սէրը։ Նո՛յնն էր նաեւ այս անգամ։

Երգչուհին իր երգացանկին մէջ տեղ տուած էր բազմազան ստեղծագործութիւններու։ Կարգ մը երգեր խանդավառեցին սրահը եւ հանդիսատեսը միացաւ անոնց, իսկ ուրիշներ յուզեցին ներկաները։ Այդ երգերէն էր «Անվերջ խաւար»ը, որու խօսքերուն հեղինակն է անձամբ Մարալ Այվազը։

Երեկոյի ուշագրաւ պահերէն էին նաեւ Կոմիտասի եւ Սայաթ-Նովայի ստեղծագործութիւնները։ Այս երգերու մեկնաբանութեամբ Մարալ Այվազ անգամ մը եւս փաստեց, որ ինք միայն ժողովրդական կամ թեթեւ երաժշտութեան երգչուհի մը չէ, այլ ունի դասական եւ աւելի պահանջկոտ երաժշտական գործեր մեկնաբանելու համար անհրաժեշտ ձայնային կարողութիւն ու արուեստագիտական հասունութիւն։

Համերգի ընթացքին Մարալ Այվազին կ'ընկերակցէին իր երաժիշտները, որոնք մեծ նպաստ բերին երեկոյի բարձր մակարդակին։

Երեկոյի հաճելի անակնկալներէն մէկն ալ փոքրիկ Գարուն Ուլուքին բեմ հրաւիրուիլն էր։ «Լուսաւորիչ» մանկանց երգչախումբի սանը մեծ համակրանք շահեցաւ ներկաներէն՝ «Լուսին» երգը ներկայացնելով եւ միաժամանակ կիթառ նուագելով։

Կը ձայնակցինք Պատրիարք Հօր այն խօսքին, զոր արտասանեց իր հուսկ բանքին մէջ եւ ըսաւ. «Մարալ Այվազ այս աշխարհը կը գեղեցկացնէ եւ գոյներ կը պարգեւէ անոր»։ 

Երեկոն որ վերջացաւ բուռն ծափահարութիւններու ներքեւ, անգամ մը եւս հաստատեց, որ Մարալ Այվազ կը շարունակէ առանձնայատուկ տեղ գրաւել պոլսահայ երաժշտական կեանքին մէջ։

Կը շնորհաւորենք սիրելի երգչուհին եւ իրեն կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ ու ստեղծագործական վերելքներ։

Ա. Հ.