image

Հակամարտութիւններու հետեւանքով փախստականներու թիւը հասած է 48 միլիոնի

Հակամարտութիւններու հետեւանքով փախստականներու թիւը հասած է   48 միլիոնի

Հակամարտութիւններու հետեւանքով ներքին տեղահանուած անձերու թիւը աշխարհի մէջ հասած է 48 միլիոնի, ինչ որ մրցանշային ցուցանիշ է: 27 Հոկտեմբերին այդ մասին յայտարարած է ներքին տեղահանուած անձերու խնդիրներով ՄԱԿ-ի յատուկ զեկուցող Սեսիլիա Խիմենես Տամարին՝ ելոյթ ունենալով համաշխարհային կազմակերպութեան Գլխաւոր վեհաժողովի Երրորդ կոմիտէին մէջ:

«Այն մարդոց թիւը, որոնք հարկադրուած են տեղահանուելու իրենց վայրերէն զինուած հակամարտութիւններու եւ բռնութեան պատճառով, աշխարհի մէջ հասած է 48 միլիոնի, ինչ որ երբեւէ արձանագրուած ամենաբարձր ցուցանիշն է,- նշած է յատուկ զեկուցողը:- Զինուած հակամարտութիւններու բարդացող բնոյթի համատարած բռնութեան պայմաններուն մէջ աւելի ու աւելի բարդ կը դառնայ ապահովել միջազգային մարդասիրական իրաւունքի եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանումը»:

Խիմենես Տամարիի խօսքով՝ հակամարտական իրավիճակներն ու բռնութիւնը աշխարհի մէջ նաեւ կրնան սաստկանալ տարերային աղէտներէ, որոնք կը յանգեցնեն բնակչութեան տեղահանման եւ, 2020 թուականէն սկսեալ, համավարակէն: