image

ԱԹՍ հարուածի հետեւանքով Զափորոժիէի մէջ կան զոհեր

ԱԹՍ հարուածի հետեւանքով Զափորոժիէի մէջ կան զոհեր

Գիշերը Զափորոժիէի վրայ ռուսական անօդաչու թռչող սարքերու (ԱԹՍ) յարձակման հետեւանքով զոհեր արձանագրուած են։

Ըստ ուքրանական լրատուամիջոցներու՝ ԱԹՍ-ն հարուածած է քաղաքի թաղամասերէն մէկուն մէջ գտնուող առանձնատունը՝ հրդեհ յառաջացնելով։

Վնասուած են նաեւ բնակելի այլ շէնք եւ ոչ բնակելի կառոյց։

Տարածաշրջանային ռազմական վարչութիւնը կը յայտնէ, որ տան փլատակներուն տակ երկու զոհ յայտնաբերուած է՝ երկու կին։

Վիրաւորուած են 4 տարեկան տղայ եւ 45 տարեկան տղամարդ։

Զափորոժիէի վրայ ռուսական մէկ այլ յարձակման հետեւանքով վնասուած է նաեւ քաղաքի շուկաներէն մէկը։