Սուրիոյ տարբեր շրջաններու մէջ, մասնաւորապէս հիւսիսային եւ արեւելեան հատուածներուն ուժգին անձրեւներ տեղացած են, որոնք յանգեցուցած հեղեղումներու եւ բազմաթիւ ճանապարհներու փակման։ Այս մասին հաղորդած է սուրիական SANA գործակալութիւնը։
Սուրիոյ արտակարգ իրավիճակներու եւ աղէտներու կառավարման նախարարութիւնը 30 հոկտեմբերին յայտարարած է Ռաքքայի, Տէր Զօրի եւ Հալէպի շրջաններուն մէջ հինգ մարդ, անոնց մէջ՝ չորս երեխայի մահուան մասին։ Տեղեկութիւններ հաղորդուած են, որ տեղատարափ անձրեւներուն պատճառով նաեւ հինգ մարդ անհետ կորած է։
Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը 2 նոյեմբերին, յայտարարած է Ռաքքայի շրջանի Թապքա քաղաքի մէջ ջրհեղեղի հետեւանքով անհետ կորած երկու անձերէն մէկուն մարմնի յայտնաբերման մասին։ Ըստ տեղեկութիւններուն՝ կը շարունակուին որոնողական աշխատանքները միւս անհետ կորած անձը գտնելու ուղղութեամբ։
Ջրհեղեղները պատճառ դարձած են Ռաքքայի նահանգի կամուրջի փլուզման՝ փակելով հարեւան Հալէպի նահանգի հետ կապող ճանապարհը։
Քուէյթ եւ Պահրէյն իրենց համերաշխութիւնն ու կարեկցանքը յայտնած են Սուրիոյ ջրհեղեղներու եւ զոհերու կապակցութեամբ։