Իրանը Հնդկաստանի, Չինաստանի, Իրաքի եւ Քաթարի դրօշներուն ներքոյ նաւարկող նաւերուն թոյլատրած է առանց սահմանափակումներու անցնիլ Հորմուզի նեղուցէն։ Այս մասին կը հաղորդէ ISNA գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով Իրանի խորհրդարանի Ազգային անվտանգութեան յանձնաժողովի փոխնախագահ Ամիր Հայաթ Մողատամը։
Անոր խօսքով՝ նշեալ երկիրներու նաւերը ներկայիս ազատօրէն կ՚անցնին նեղուցէն, իսկ Միացեալ Նահանգները նոյնպէս չի խոչընդոտներ անոնց տեղաշարժին։
Այդուհանդերձ, անցման պայմանները տարբեր են։ Հնդկաստանի եւ Չինաստանի նաւերէն անցման տուրք կը գանձուի, մինչդեռ Քաթարի նաւերը ամբողջութեամբ ազատուած են այդ վճարէն։
Իրանցի պաշտօնեան նշած է, որ Հնդկաստանի պարագային սահմանուած արտօնութիւնները կապուած են դեղորայքի մատակարարումներուն հետ, իսկ Չինաստանի պարագային՝ Փեքինի քաղաքական աջակցութիւնը ապահովելու ակնկալիքին։