image

Փեզեշքիան. Անդրուելի եւ այլընտրանքային

Փեզեշքիան. Անդրուելի եւ այլընտրանքային

 

«Թող զիս սպանեն։ Եթէ ժողովուրդը մեր կողքին է, ապա նոյնիսկ եթէ անոնք ինծի նման հազարաւոր մարդիկ սպաննեն, թշնամին անզօր պիտի ըլլայ», յայտարարած է Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան։

«Եթէ հասնինք այն կէտին, երբ ստիպուած ըլլանք մշակութային հաստատութիւններուն կազի եւ ելեկտրականութեան մատակարարումը կտրել՝ արտադրական կառոյցներուն ելեկտրականութիւնը պահպանելու համար, ատիկա հազարաւոր ելոյթներու արժէք պիտի ունենայ։ Մենք պէտք է ապահովենք արտադրութեան անխափան գործունէութիւնը։ Պէտք է ստեղծենք հետեւեալ մտածելակերպը. «Ես պէտք է աւելի քիչ սպառեմ, որպէսզի արտադրութիւնը շարունակուի»։

Անհրաժեշտութեան պարագային, ելեկտրականութեան մատակարարումը պիտի կտրեմ նոյնիսկ իմ սեփական գրասենեակիս մէջ, բայց պիտի չարտօնեմ, որ արտադրական շրջափուլը կանգ առնէ։ Մենք պէտք չէ թոյլ տանք, որ արտադրական գործընթացը դադրի», նշած է ան։