image

Հուսիները յայտնած են Սէուտական Արաբիոյ գլխաւորած դաշինքի հարուածներու հետեւանքով տուժածների մասին

Հուսիները յայտնած են Սէուտական Արաբիոյ գլխաւորած դաշինքի հարուածներու հետեւանքով տուժածների մասին

 

Սէուտական Արաբիոյ գլխաւորած դաշինքի ուժերը օդային հարուածներ հասցուցած են Ռաս Իսա նաւահանգիստին եւ Հոտէյտայի նահանգի Պաժիլ շրջանին մէջ գտնուող նաւթային ընկերութեան, որոնց հետեւանքով վիրաւորուած է եօթը քաղաքացիական անձ։

Այս մասին կը հաղորդէ հուսիներուն պատկանող «Ալ Մասորա» հեռուստակայանը։

Բացի այդ, Սաատայի նահանգին մէջ հարուածներէն մէկ անձ վիրաւորուած է։

Աւելի վաղ, հուսիներու խօսնակ Եահեա Սարին յայտարարած էր, որ Սէուտական Արաբիոյ օդանաւերը վերջին 24 ժամուան ընթացքին իրականացուցած են 75 օդային եւ հրթիռային յարձակում՝ թիրախաւորելով Սաատա, Թայէզ, Ամրան, Իպպ, Զամար, Լահճ, Հոտէյտա եւ Ալ-Ճաուֆ նահանգները։

«Ալ Ճազիրա»-ի հաղորդմամբ՝ Եմէնի կառավարական ուժերը յայտնած են Թայէզի մերձակայքին հուսիներու յարձակումը ետ մղելու մասին։

Սէուտական Արաբիոյ գլխաւորած դաշինքի խօսնակ Թուրքէ ալ-Մալիքի իր կարգին, X-ի վրայ կատարած գրառման մէջ նշած է, որ խոցուած եւ ոչնչացուած է հուսիներու կողմէ Սէուտական Արաբիոյ հարաւային շրջանին ուղղութեամբ արձակուած անօդաչու թռչող սարք։