image

Արա Խանոյեան ազգային միօրեայ վարժարան սրբազան հօր այցելութիւնը

Արա Խանոյեան ազգային միօրեայ վարժարան սրբազան հօր այցելութիւնը

Ազգային դաստիարակութեան եւ հայերէնի ուսուցման կարեւորութիւնը անգամ մը եւս ընդգծուեցաւ Ապու Տապիի Արա Խանոյեան ազգային միօրեայ վարժարանին մէջ, ուր Ա. Մ. Էմիրութեանց Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մեսրոպ Արք. Սարգիսեան հանդիպում ունեցաւ աշակերտներուն եւ ուսուցչական կազմին հետ՝ իր զօրակցութիւնը յայտնելով վարժարանի ազգային առաքելութեան եւ կրթական աշխատանքներուն։

Ստորեւ այդ մասին  ԱՄԷ-ի  Թեմին կողմէ տարածուած հաղորդագրութիւնը՝ 

Շաբաթ, 24 Հոկտեմբեր 2026-ին առաւօտուն, Ա. Մ. Էմիրութեանց Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Մեսրոպ Արք. Սարգիսեան, այցելեց Ապու Տապիի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ համալիրէն ներս գործող՝ Արա Խանոյեան Ազգային միօրեայ վարժարանը։ 

Սրբազան հայրը դիմաւորուեցաւ վարժարանի տնօրէն՝ Հոգշ. Տէր Վիգէն Վրդ. Տալգըլըճեանի կողմէ եւ միասնաբար այցելեցին վարժարանի բոլոր կարգի դասարանները եւ հանդիպում ունեցան աշակերտներուն հետ: Այս առիթով Սրբազան հայրը շփում ունենալով աշակերտներուն հետ տեսաւ անոնց խանդավառ միջավայրի մէջ ազգային վարժարան յաճախելու, հայերէն սորվելու եւ հայ ընկերներ ունենալու մթնոլորտը:

Սրբազան հարը նաեւ ուսուցչական կազմին հետ տեսնուելով գնահատեց անոնց ստանցնած կամաւոր գործունէութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց դպրոցական տարեշրջանին, գնահատելով նաեւ հոգաբարձութեան եւ տնօրէնութեան աշխատանքները սրբազան հայրը յայտնեց Ազգային Վարչութեան եւ իր մնայուն զօրակցութիւնը վարժարանի յաջող առաքելութեան:

Դիւան Ազգ. Առաջնորդարանի