image
Հրատապ լուրեր:

28 հոկտեմբերի «ՈՉ»ը՝ ժողովուրդի մը ազատութեան եւ արժանապատուութեան խորհրդանիշ. Գերպ. Տ. Յովհաննէս ծ. Վրդ. Սաղտըճեան

 28 հոկտեմբերի «ՈՉ»ը՝ ժողովուրդի մը ազատութեան եւ արժանապատուութեան խորհրդանիշ. Գերպ. Տ. Յովհաննէս ծ. Վրդ. Սաղտըճեան

 Թրակիան պիտի շարունակէ մնալ  պատմութեան եւ մեր սրտին անբաժանելի մէկ մասը, իսկ Քոմոթինին միշտ առանձնայատուկ տեղ պիտի ունենայ սրտիս մէջ։

Այսօր յարգանքով կը խոնարհինք մեր ազատութեան համար պայքարած հերոսներուն առջեւ եւ գլուխնիս բարձր կը պահենք՝ հպարտութեամբ այն ժառանգութեան համար, որ անոնք մեզի ձգեցին, եւ պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ՝ այն ամէնուն համար, զոր պարտաւոր ենք փոխանցել գալիք սերունդներուն։

 

1940 թուականի 28 Հոկտեմբերը յունական պատմութեան մէջ կը յիշուի իբրեւ ազգային արժանապատուութեան, ազատութեան եւ հայրենիքի պաշտպանութեան վճռակամութեան խորհրդանիշ։ Յունաստանի պատմական «ՈՉ»ի տարեդարձին առիթով, այդ օրուան խորհուրդին անդրադարձած է Գերպ. Տ. Յովհաննէս ծ. վրդ. Սաղտըճեան՝ ներկայիս Կիպրոսի Լիմասոլ քաղաքի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, որ երկար տարիներ իր հոգեւոր ծառայութիւնը մատուցած է Յունաստանի մէջ։

Յունական «Xronos» պարբերականին մէջ հրապարակուած իր գրութեամբ՝ Հայր Սուրբը կը շեշտէ յոյն ժողովուրդի միասնութեան, ազատութեան հանդէպ հաւատարմութեան եւ հայրենասիրութեան կարեւորութիւնը։ Ան առանձնայատուկ տեղ կը յատկացնէ նաեւ Թրակիոյ եւ Քոմոթինիի հանդէպ իր անձնական կապուածութեան՝ վերյիշելով այդ շրջանին մէջ իր վեցամեայ ծառայութիւնն ու այնտեղ ապրած յիշարժան տարիները։

Ստորեւ կը ներկայացնենք Հայր Սուրբին ամբողջական գրութիւնը՝ 28 Հոկտեմբերի պատմական տարեդարձին առիթով։

Ստորեւ  (Յունարէնէ թարգմանելով) «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք  Գերպ. Տ. Յովհաննէս ծ.վրդ.ի մտածումները՝ 

 

Քոմոթինին եւ Թրակիան … միշտ սրտիս մէջ

 

Այսօր մենք պարզապէս պատմական տարեդարձ մը չենք նշեր։ Մենք կը յարգենք ժողովուրդի մը ոգին, արժանապատուութիւնը, ազատութիւնն ու անընկճելի հոգին, որ երբեք չէ սորված վախին առջեւ գլուխ ծռել։ 1940-ի «ՈՉ»ը պարզ բառ մը չէր։ Անիկա հայրենիքին տրուած խոստում մըն էր, ազատութեան ճիչ մը եւ ապացոյց մը, թէ կան արժէքներ, որոնց համար ժողովուրդ մը պատրաստ է ամէն ինչ զոհելու։

Յունաստանը միայն հող չէ։ Այս երկիրը նաեւ մեր պատմութիւնն է, մեր լեզուն, մեր դրօշը, մեր նախահայրերը եւ իւրաքանչիւր քաղաքացիի հոգին, որ հայրենիքը իր մէջ կը կրէ՝ ուր ալ գտնուի։ Փինտոսի լեռներէն մինչեւ Էվրոս, մեր կղզիներէն մինչեւ յունական հողին ամէն մէկ անկիւնը, պատմութիւնը մեզի կը յիշեցնէ, թէ ազատութիւնը նուէրով չի տրուիր։ Մենք զայն կը պահպանենք միասնութեամբ, քաջութեամբ, հաւատքով եւ հայրենիքին հանդէպ սիրով։

Իսկ մեր Թրակիա՜ն… հպարտ Թրակիան, մեր Քոմոթինին։ Խոր արմատներ, պատմութիւն, արժանապատուութիւն եւ հզօր մարդիկ ունեցող երկրամասեր են, ուր աւանդութիւնն ու հայրենի հողին հանդէպ սէրը կը շարունակեն կենդանի մնալ։ Թրակիան պարզապէս քարտէսի վրայ նշուած վայր մը չէ։ Անիկա յունական հոգիին, մեր մշակութային ժառանգութեան եւ պատմական շարունակականութեան անբաժանելի մասն է։

Ինծի համար Քոմոթինին եւ Թրակիան առանձնայատուկ տեղ կը գրաւեն սրտիս մէջ։ Ամբողջ վեց տարի ծառայեցի այդ շրջանին մէջ եւ միշտ հպարտ պիտի ըլլամ այդ տարիներով։ Այդ վեց տարիները կեանքիս, ուղիիս եւ հայրենիքիս ծառայելու պատիւին անբաժանելի մէկ մասն են։Չեմ մոռնար ո՛չ այդ երկիրը, ո՛չ անոր մարդիկը, ո՛չ ապրուած պահերը, ո՛չ ալ Յունաստանին ծառայելու պատասխանատուութեան զգացումը։

Յոյն ժողովուրդը բազմիցս ապացուցած է, թէ հարկ եղած պարագային գիտէ ոտքի կանգնիլ։ Հանդարտութեամբ, միասնութեամբ եւ վճռակամութեամբ պիտի շարունակենք պաշտպանել մեր հայրենիքին ազատութիւնը, խաղաղութիւնը, անկախութիւնն ու արժանապատուութիւնը։ Որովհետեւ ազգի մը իսկական ուժը իր ժողովուրդին միասնութեան եւ զինք ծնունդ տուած հողին հանդէպ սիրոյ մէջ կը գտնուի։

Յունաստանը եղած է, է՛ եւ պիտի մնայ ոտքի՛։ Թրակիան պիտի շարունակէ մնալ  պատմութեան եւ մեր սրտին անբաժանելի մէկ մասը, իսկ Քոմոթինին միշտ առանձնայատուկ տեղ պիտի ունենայ սրտիս մէջ։

Այսօր յարգանքով կը խոնարհինք մեր ազատութեան համար պայքարած հերոսներուն առջեւ եւ գլուխնիս բարձր կը պահենք՝ հպարտութեամբ այն ժառանգութեան համար, որ անոնք մեզի ձգեցին, եւ պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ՝ այն ամէնուն համար, զոր պարտաւոր ենք փոխանցել գալիք սերունդներուն։

Շնորհաւո՛ր տօնդ, Յունաստան։

Շնորհաւո՛ր տօնդ, մեր Թրակիա։

Պատիւ եւ հպարտութիւն՝ Քոմոթինիին 

Յաւերժական պատիւ՝ բոլոր անոնց, որոնք պայքարեցան մեր ազատութեան համար։

ԿԵՑՑԷ՛ ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 28-Ը։ ԿԵՑՑԷ՛ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԸ։ ԿԵՑՑԷ՛ ԹՐԱԿԻԱՆ։

 

Գերպ. Տ. Յովհաննէս ծ.վրդ. Սաղտըճեան 

 (Հոգեւոր Հովիւ Լիմասոլի)