Յորդանանի ալ-Քարաք նահանգի Համուտ գիւղի եկեղեցւոյ վրայ յարձակման հետեւանքով զոհերու թիւը հասած է ութի։
Ինչպէս կը տեղեկացնէ յորդանանեան «Ալ Մամլաքա» հեռուստաընկերութիւնը, առողջապահութեան նախարար Իպրահիմ ալ-Պուտուր յայտնած է, որ վիրաւորներէն մէկուն վիճակը կը շարունակէ ծանր մնալ։ Հիւանդանոցներուն մէջ բուժում կը ստանայ աւելի քան երկու տասնեակ մարդ։
Յարձակումը տեղի ունեցած է Հոկտեմբեր 23-ին՝ յունական ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ թաղման արարողութեան ընթացքին։ Զինուած անձեր կրակ բացած են հաւաքուածներու ուղղութեամբ։ Իշխանութիւնները կատարուածը որակած են իբրեւ ահաբեկչութիւն։
Հոկտեմբեր 24-ի առաւօտեան շարունակուած են յարձակման մասնակիցներու որոնողական աշխատանքները։