Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի յայտարարած է, որ Փութինը Քիեւ հրաւիրելը իմաստ չունի, ինչպէս որ զինք Մոսկուա հրաւիրելը։
«Մենք կը հասկնանք այս խաղը, անյոյս է։ Սա պիտի ըլլայ հեռաձայնով շատ պաշտօնական եւ չոր զրոյց մը, որուն ընթացքին դարձեալ պիտի լսեմ Ռուսիոյ Դաշնութեան ղեկավարի կողմէ ներկայացուած «պատմական դասախօսութիւն» մը, եւ ոչ թէ իրական քայլեր, թէ ինչպէ՛ս կարելի է իսկապէս վերջ տալ պատերազմին», ըսած է Զելենսքի։
Ան յայտնած է, որ Ուքրանիոյ, ԱՄՆ-ի, Եւրոպայի եւ ՆԱԹՕ-ի միջեւ բանակցութիւնները վաղը տեղի պիտի ունենան Պրիւքսէլի մէջ։
Զելենսքիի համաձայն՝ բանակցութիւններուն գլխաւոր նիւթերը պիտի ըլլան Ուքրանիոյ վերակառուցման ծրագիրները եւ անվտանգութեան երաշխիքները։