image

Աշխարհը կապոյտ ակնոցներով է այլեւս...

Աշխարհը կապոյտ ակնոցներով է այլեւս...

ԱՄՆ-ի քաղաքական կեանքին մէջ տեղի ունեցող այս զարգացումը կրնայ նոր փուլ մը բանալ Ուաշինկթընի քաղաքական «հակամարտութեան» մէջ։ Հանրապետականներու դիրքերու թուլացումը եւ դեմոկրատներու յառաջխաղացքը միայն ընտրական թիւերու փոփոխութիւն չեն. անոնք կրնան նաեւ սահմանափակել նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմին քաղաքական   խուսանաւման դաշտը եւ նոր կշիռ տալ ընդդիմադիրներուն՝ Քոնկրեսի մէջ։

Այս մասին Սագօ Արեան Լրագրողի էջէն կը կարդանք.

ԱՄՆ Քոնկրեսի միջանկեալ ընտրութիւններուն նախնական արդիւնքներուն համաձայն՝ նախագահ Տանըլտ Թրամփի «Հանրապետական» կուսակցութիւնը կը կորսնցնէ իր մեծամասնութիւնը Քոնկրեսի երկու պալատներուն մէջ։

Ըստ ամերիկացի վերլուծաբաններու կանխատեսումներուն՝ վերջնական պատկերը կրնայ ըլլալ հետեւեալը.

Սենատ

Դեմոկրատներ՝ 55

Հանրապետականներ՝ 45

Ներկայացուցիչներու պալատ

Դեմոկրատներ՝ 256

Հանրապետականներ՝ 179

Նշում․ ներկայացուած թիւերը կանխատեսումներ են եւ ոչ թէ վերջնական պաշտօնական արդիւնքներ։