Իսրայէլ Միացեալ Նահանգներուն հետախուզական տեղեկութիւններ փոխանցած է, թէ Իրանը կրնայ քիմիական զէնք կիրառել Թեհրանի հակառակորդներուն դէմ։ Ամերիկեան իշխանութիւններուն մօտ այս տեղեկութեան գնահատականները տարբեր են. պաշտօնեաներէն ոմանք սպառնալիքը լուրջ կը նկատեն, մինչ ուրիշներ կը կասկածին, որ Իսրայէլ կը փորձէ համոզել Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը՝ վերսկսելու Իրանի դէմ լայնածաւալ ռազմական գործողութիւնները։ Այս մասին կը հաղորդէ «The New York Times»-ը՝ վկայակոչելով ամերիկացի եւ մերձաւորարեւելեան պաշտօնեաներ։
Պարբերականին համաձայն՝ իսրայէլեան հետախուզութիւնը կը պնդէ, որ Իրանը արագացուցած է այն արհեստագիտութիւններու մշակումը, որոնք հնարաւորութիւն կու տան քիմիական զինամթերքը հրթիռներով հասցնելու թիրախներուն կամ գաղտնի փոխադրելու Իսրայէլի եւ այլ երկիրներու տարածքներ։ Փոխադրման հնարաւոր միջոցներու շարքին կը դիտարկուին նաեւ անօդաչու թռչող սարքերը։
Իսրայէլ այս տեղեկութիւնը փոխանցած է նաեւ Պարսից ծոցի կարգ մը երկիրներու։ Սակայն շարք մը պետութիւններու ներկայացուցիչներ կասկածի տակ դրած են այդ պնդումներուն արժանահաւատութիւնը՝ նկատելով, որ Իսրայէլ կը փորձէ ԱՄՆ-ն եւ անոր գործընկերները մղել վերսկսելու ռազմական գործողութիւնները՝ աւելի մեծ տարողութեամբ։
Մինչ այդ, ամերիկեան զինուժը կը շարունակէ ուժեր կուտակել Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։ Տարածաշրջանին մէջ ներկայիս երեք օդանաւակիր կայ, իսկ ԱՄՆ-ի Կեդրոնական հրամանատարութիւնը Իրանի դէմ հարուածներու ծրագիր մը պատրաստած է։ Ռազմական գործողութիւնները կրնան սկսիլ արդէն Չորեքշաբթի, եթէ Թրամփ համապատասխան հրաման արձակէ։
Միաժամանակ դիւանագէտները կը փորձեն համաձայնութեան հասնիլ Թեհրանի հետ՝ Հորմուզի նեղուցի բացման, միջուկային հարցի լուծման եւ ռազմական նոր սրացումի կանխման շուրջ։
Իրանը կը հերքէ քիմիական զէնք ունենալու մասին պնդումները եւ անցեալին նման մեղադրանքները բնութագրած է իբրեւ Իսրայէլի կողմէ մղուող հոգեբանական պատերազմ։ Միեւնոյն ժամանակ, ամերիկեան հետախուզական կառոյցները երկար տարիներէ ի վեր կը յայտարարեն, որ Թեհրան հաւանաբար կը շարունակէ քիմիական եւ կենսաբանական խոցման միջոցներու ոլորտին մէջ հետազօտութիւնները։
Ամերիկացի կարգ մը պաշտօնեաներ զուգահեռներ կը գծեն Իրաքի պարագային հետ, երբ 2002-ին ԱՄՆ-ի հետախուզութիւնը ներկայացուց Բաղդադի՝ զանգուածային ոչնչացման զէնքեր ունենալու մասին գնահատականներ, որոնք յետագային սխալ դուրս եկան։
Փորձագէտները նաեւ կը նշեն, որ հրթիռի համար քիմիական զինամթերք պատրաստելը արհեստագիտական առումով կարելի է, սակայն թունաւոր նիւթին արդիւնաւէտ տարածումը ապահովելը զգալիօրէն աւելի բարդ է։