Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեան, օրերս, այցելած է իր հովանաւորութիւնը վայելող «together» հաստատութեան կեդրոն:
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝
Չորեքշաբթի, 8 Հոկտեմբեր 2025-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, այցելեց իր հովանաւորութիւնը վայելող "together" հաստատութեան կեդրոն: Սրբազան հօր կ՚ընկերակցէին Հոգշ. Տ. Մանուկ վրդ. Պարիխանեան, Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան եւ Ազգային Առաջնորդարանի դիւանապետ տիար Միհրան Վարդապետեան։
Սրբազան Հայրը ջերմապէս դիմաւորուեցաւ "together" հաստատութեան Սուրիոյ ներկայացուցիչ տիար Յակոբ Յակոբեանի եւ իր անձնակազմին կողմէ։ Սրբազան հօր հետ իրենց մտերմիկ հանդիպման ընթացքին "together" Հաստատութեան տնօրէնն ու պատասխանատուները անդրադարձան յառաջիկայ աշխատանքներու կարգաւորման մասին։
"together" Հաստատութեան անձնակազմը շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր՝ այս օրհնաբեր այցելութեան համար։
Աւարտին ներկաները սիրոյ սեղանի շուրջ ընթրեցին։