Նորին Սրբութիւնը առանձնացուց Լիբանանի շարունակուող տնտեսական դժուար պայմաններուն մէջ իր առաքելութիւնը աննկունութեամբ տանող այս կառոյցին կարեւորութիւնը գաղութին մէջ եւ նորանոր նուաճումներով բեղուն երթ մաղթեց նոր կազմին։
Ուրբաթ, 16 Հոկտեմբեր 2026-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի (Լ.Օ.Խ.) նորընտիր շրջանային վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ վարչութեան ատենապետ Նելլի Աղասարգիսեանի, ներկայացնելու նոր տարեշրջանի աշխատանքներն ու յառաջիկայ ծրագիրները եւ ստանալու Հայրապետին օրհնութիւնը։
Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց ընդհանրապէս Հ.Օ.Մ.ի եւ յատկապէս Լիբանանի վարչութեան նուիրական գործունէութիւնը՝ ի մասնաւորի ընկերային ծառայութեան, դաստիարակչական եւ հայ մշակոյթի պահպանման ոլորտներուն մէջ: Նորին Սրբութիւնը առանձնացուց Լիբանանի շարունակուող տնտեսական դժուար պայմաններուն մէջ իր առաքելութիւնը աննկունութեամբ տանող այս կառոյցին կարեւորութիւնը գաղութին մէջ եւ նորանոր նուաճումներով բեղուն երթ մաղթեց նոր կազմին։