Հոգեւոր դաստիարակութիւնը կրթական առաքելութեան անբաժանելի մասն է, մանաւանդ երբ խօսքը կը վերաբերի նոր սերունդին՝ ազգային եւ եկեղեցական արժէքներուն հաղորդակից դարձնելու պատասխանատու գործին։ Այս գիտակցութեամբ, Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը կը շարունակէ իր աշակերտներուն համար կազմակերպել հոգեւոր նախաձեռնութիւններ, որոնց շարքին էր նաեւ Զմմառու Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական մայրավանք կատարուած ուխտագնացութիւնը։
Առաջնորդութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի հոգեւոր տեսուչ Հայր Սահակ վարդապետ Քէշիշեանի, 2 Նոյեմբեր 2026-ին, վարժարանի երկրորդական բաժինի աշակերտները ուխտագնացութիւն մը կատարեցին Զմմառու Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական մայրավանք՝ Ամենայն Սրբոց տօնին յաջորդող օրը իրենց յարգանքն ու սէրը արտայայտելու հայ ժողովուրդի սուրբերուն եւ մասնաւորաբար Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանին, որուն սրբադասման առաջին տարեդարձը նշուեցաւ վերջերս։
Մայրավանք հասնելէ ետք, աշակերտները մասնակցեցան Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին՝ ջերմեռանդութեամբ աղօթելով եւ հաղորդակից դառնալով օրուան խորհուրդին։
Պատարագը մատուցանեց Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու մայրավանքի մեծաւոր Հայր Մաշտոց ծայրագոյն վրդ. Զահթերեան։ Իր քարոզին մէջ, անդրադառնալով սերմնացանի առակին, մեծաւոր հայրը շեշտեց հաւատքի սերմերը հոգիներուն մէջ ցանելու, խնամելու եւ աճեցնելու կարեւորութիւնը, որպէսզի անոնք բարի պտուղներ տան։ Ան յատկապէս ընդգծեց նոր սերունդին հոգեւոր դաստիարակութեան անհրաժեշտութիւնը եւ, որպէս Մեսրոպեանի շրջանաւարտ, իր ուրախութիւնը յայտնեց՝ տեսնելով աշակերտներուն գիտակից ու խանդավառ մասնակցութիւնը կրօնական արարողութեան։
Սուրբ Պատարագէն ետք, աշակերտները բաժնուեցան երկու խումբերու եւ հերթաբար այցելեցին մայրավանքի պատմական ու մշակութային արժէք ներկայացնող բաժինները։
Հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեանի առաջնորդութեամբ եւ բացատրութիւններով անոնք ծանօթացան մայրավանքի թանգարանին, ուր առիթ ունեցան բացայայտելու Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հարուստ պատմութիւնն ու դարաւոր ժառանգութիւնը։ Աշակերտները այցելեցին նաեւ մայրավանքի գինեմառանը՝ ծանօթանալով անոր պատմութեան եւ գործունէութեան։
Այցելութեան յատկապէս տպաւորիչ հանգրուաններէն էր Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի նուիրուած թանգարանին եւ նահատակութեան դահլիճին ծանօթացումը։
Հայր Սահակ վրդ. Քէշիշեանի բացատրութիւնները աշակերտներուն առիթ ընծայեցին աւելի մօտէն ճանչնալու սուրբին կեանքը, անոր հաւատքի վկայութիւնն ու նահատակութեան խորհուրդը։
Հայր Սահակի առաջնորդութեամբ, աշակերտները այցելեցին Սուրբ Տիրամօր մատուռը եւ անոր հրաշագործ ներկայութեան մէջ աղօթք բարձրացուցին՝ երախտագիտութիւն յայտնելով Աստուածամօր՝ Իր բարեխօսութիւններուն համար։ Ապա, հանդիսաւոր թափօրով ուղղուեցան դէպի Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի կիսանդրին՝ սուրբի մասունքին ընկերակցութեամբ։ Հոն կատարուած աղօթքով իր աւարտին հասաւ ուխտագնացութեան հոգեւոր յայտագիրը։
Ժամը 12։30-ին, հոգեպէս հարստացած եւ բարձր տրամադրութեամբ, աշակերտները վերադարձան Մեսրոպեան վարժարան։
Զմմառու մայրավանք կատարուած այս այցելութիւնը աշակերտներուն համար եղաւ հոգեւոր վերանորոգման, ազգային ու եկեղեցական պատմութեան ճանաչման եւ հաւատքի ամրապնդման գեղեցիկ առիթ մը։ Անոնք ոչ միայն ծանօթացան մայրավանքի հարուստ ժառանգութեան, այլեւ իրենց աղօթքով եւ մասնակցութեամբ ապրեցան հաւատքի ու քրիստոնէական արժէքներու հետ հաղորդակցութեան իւրայատուկ փորձառութիւն մը։
1.jpeg)