Գերմանիոյ «Քրիստոնեայ-դեմոկրատական միութիւն» կուսակցութեան անդամ քանի մը քաղաքական գործիչներ քննադատութեան ենթարկուած են Ատրպէյճանի օգտին իրենց լոպպիստական գործունէութիւնը շարունակելու համար: Այս մասին կը յայտնէ SWR ռատիոհեռուստատեսային ցանցը՝ նոր բացայայտումներ ներկայացնելով:
Ճնշում ԱԳՆ-ի վրայ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով
Մինչ այժմ յայտնի եղած է միայն, որ 5 պատգամաւորներէն 4-ը 2019 թուականի Սեպտեմբերին Պունտեսթակի մէջ այս թեմայով նոյնական հարցումներ կատարած էին: SWR-ն վերջերս տեղեկացած է, որ այս նախաձեռնութիւնը եկած է անմիջականօրէն Ատրպէյճանի դեսպանատունէն: Դեսպանութեան աշխատակիցը ելեկտրոնային նամակով գրած է Պունտեսթակի անդամ Էպերհարտ Կիէնկըրին. «Մենք շատ ուրախ կ'ըլլանք, եթէ դուք հետեւիք այս հարցին եւ պարոն Լիոպելի հետ միասին ուսումնասիրէք Պունտեսթակի հնարաւոր արձագանգները հայկական մօտեցման վերաբերեալ»:
Անբացատրելի միամտութի՞ւն, թէ՞ գիտակցուած աջակցութիւն
Այնուամենայնիւ, պատգամաւորները կանգ չեն առած գրաւոր հարցման վրայ, այլ նաեւ նամակ գրած են արտաքին գործոց նախարար Հայկօ Մաասին: Նամակին մէջ Պունտեսթակի անդամները կը բողոքեն, որ դաշնային կառավարութիւնը «խուսափողական» կը պատասխանէ Պունտեսթագի մէջ բարձրացուած հարցերուն: SWR-ի հարցումներն այն մասին, թէ արդեօք այս նամակը նոյնպէս Ատրպէյճանի դեսպանատան նախաձեռնութեան արդիւնք է, Պունտեսթակի անդամներն անպատասխան թողած են:
Հայտըլպըրկէն պատգամաւոր Լոթար Պինտինկն անհեթեթ համարած է այս մօտեցումը: Անոր համար «միանգամայն անբացատրելի է, որ գործընկերները շատ միամիտ են եւ չեն տեսներ, թէ ինչպէս իրենց բռնութեան կ'ենթարկեն, կամ այդ ըրած են գիտակցաբար, սակայն այս պարագային եղածը խնդրայարոյց է, քանի որ անոնք գիտակցաբար աջակցած են բռնապետութեան»: Ասոնք բաներ են, որոնք անբացատրելի են:
Ներգրաւուած պատգամաւորները SWR-ին չեն հերքած, որ եղած են այդ հարցումները, սակայն պնդած են, թէ նիւթական ոչ մէկ օգուտ ստացած են:
Ներկայիս դատախազութիւնը կը հետաքննէ պատգամաւոր Աքսել Ֆիշըրի դէմ կոռուպցիայի հաւանական գործը: