Մայիս 16-ին Գարեգին Երկրորդն ընդունած է մշակոյթի խումբ մը գործիչներ, որոնք այցելած էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյն եւ Կաթողիկոսին։ Այս մասին կը յայտնէ Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգը։
Ըստ հաղորդագրութեան՝ հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի մէջ ստեղծուած հասարակական-քաղաքական իրավիճակին, հասարակական կեանքին մէջ արձանագրուող զարգացումներուն ու մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ Եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններու ներկայ ընթացքին։
Հանդիպման ընթացքին նաեւ ընդգծուած է Հայոց Եկեղեցւոյ եւ հայ մտաւորականութեան պատասխանատուութիւնը՝ նպաստելու արժեհամակարգային ճգնաժամի յաղթահարման, հանրային համերաշխութեան ձեւաւորման, ինչպէս նաեւ հասարակութեան մէջ հոգեւոր-բարոյական առողջ մթնոլորտի եւ միաբանութեան ամրապնդման։