image

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձած է հայ ռազմագերիներու հարցին

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձած է հայ ռազմագերիներու հարցին

Հռոմի պապը Ֆրանչիսկոսը Սուրբ Յարութեան տօնի առթիւ հանդէս եկած է ամենամեայ «Քաղաքին եւ աշխարհին» (Urbi et orbi) ուղերձով, որու ընթացքին անդրադարձ կատարած է հակամարտութիւններու կարգաւորման, տարածաշրջանային լարուած իրավիճակներուն, սպառազինութիւններու մրցաւազքին ու համավարակի դէմ պայքարին, խոցելի խումբերուն, ընկերային պաշտպանութեանն ու երիտասարդութեան։

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ իր ուղերձին մէջ Հռոմի Պապը խօսած է նաեւ գերեվարուածներու հարցի մասին՝ ընդգծելով. «Թող որ Աստուած թոյլ տայ պատերազմի գերեւարվածներուն, յատկապէս, արեւելեան Ուքրանիոյ եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, որ անոնք ապահով վերադառնան իրենց ընտանիքներ, ու թող ան ոգեշնչէ համաշխարհային առաջնորդները սանձելու նոր զէնքերու մրցաւազքը»։