Օրերս Պէյրութի մէջ անակնկալ մահով մը իր աչքերը յաւերժին փակած Աւետիս (յայտնի Աւօ անուանումով) Չաքմաքեանի կորուստը ցաւի մեծ ալիք տարածած է լիբանանահայ գաղութի լայն շրջանականերուն մէջ։
Երկար տարիներով ինքզինք ուսուցչական ասպարէզին նուիրած պրն. Աւօն միշտ ալ վայելած է իր գործընկերնուն, ուսանողներուն, ծնողներուն եւ կրթական մարզին մէջ գործունէութիւն ծաւալող մարդոց յարգանքի եւ հիացմունքի առարկան։
Ուշագրաւն այն է, որ ճակատագրի չար «կատակ»ին զոհ գացած պրն. Աւօն ծանր կաթուածի ենթակայ դարձած էր իր ամենասիրած վայրին՝ վարժարանին մէջ, ուրկէ ալ կը փոխադրուէր հիւանդանոց։ Բժիշկներ եւ ՀԲԸՄ Երկրորդական Վարժարանի պատասխանատուներ մեծ ճիգեր կը գործադրէին փրկելու համար անոր կեանքը, բայց հարուածն աւելի ուժգին էր, քան բոլոր ճիգերն ու ապրելու յոյսերը։
«Արեւելք» խորապէս կը ցաւակցի հանգուցեալի բոլոր հարազատներուն եւ կրթական ոլորտի նուիրեալներուն շեշտելով անշուշտ, որ Սփիւռքի այսօրուան պայմաններուն մէջ ուղղակիօրէն հերոսութիւն է ըլլալ կրթութեան եւ լոյսի նուիրեալ,որուն հիմնական երազն ու իտէալն է հասցընել նոր, արդիական եւ հայկական ոգիով թրծուած սերունդներ։
Յարգանք անոր վաստակին, եւ խունկ ու աղօթք պրն. Աւոյի յիշատակին։
Ստորեւ կը ներկայացնենք պրն. Աւոյի մահազդը, որմէ ետք ալ անոր հանգուցեալի աշակերտուհին հանդիսացած եւ ապա ընտանեկան մտերմութիւն ունեցած Մարիա Գազանճեան-Գասպարեանի այս առթիւ խմբագրութեանս ուղարկուած սրտի խօսքը։
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Վերա Չաքմաքեան
Յակոբ Չաքմաքեան
Տէր եւ Տիկին Անուար եւ Լուչիա Ապի Ապտալլա
Տէր եւ Տիկին Սարգիս եւ Նէլլի Զուրնացեան
Տիկին Սեդա Քէսթէքեան
Տէր եւ Տիկին Հրակ Ագեան եւ զաւակունք
Տէր եւ Տիկին Յարութ Քէսթէքեան
Տէր եւ Տիկին Բիէր Ապի Ապտալլա եւ զաւակունք Սեւակ, Խաժակ եւ Արա Շամլեաններ
Տէր եւ Տիկին Կոռիւն Քէլէշեան
Տիկին Թամար Յարութիւնեան եւ զաւակը
Տէր եւ Տիկին Տօքթ. Աւետիս Տագէսեան եւ զաւակունք
եւ համայն Չաքմաքեան, Ապի Ապտալլա, Զուրնացեան, Քէսթէքեան, Ագեան, Շամլեան, Քէլէշեան, Յարութիւնեան, Տագէսեան ընտանիքներ եւ ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, եղբոր, փեսային եւ հարազատին՝
Աւետիս Չաքմաքեան-ի
(Պարոն Աւօ - ծնեալ՝ 1958)
Մահը որ պատահեցաւ Հինգշաբթի, 29 Յունուար 2026–ին։
Յուղարկաւորութեան պաշտամունքը պիտի կատարուի Շաբաթ, 31 Յունուար 2026-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2։00-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային Գերեզմանատունը։
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ։
Ցաւակցութիւնները կ՚ընդունուին նախքան եւ յետ թաղման արարողութեան, եկեղեցւոյ «Երջօ Սամուէլեան - Եռագոյն» սրահէն ներս, առաւօտեան ժամը 11։00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6։00։ Ինչպես նաեւ, Կիրակի, 1 Փետրուար 2026-ին ցաւակցութիւնները կ՚ընդունուին Տէմիրճեան կեդրոն, Նաքքաշ, առաւօտեան ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:
Անկրկնելի պարոն Աւօն... (Արժ. Տ. Սարգիս Քհնյ. Սարգիսեանի դամբանական խօսքը)
«Ուսուցչութիւնը ամենադժուար, չափազանց մաշեցնող ու յոգնեցուցիչ, պահանջկոտ գործերէն մէկն է եւ ուսանողներուն մէջ գիտելիքներ սերմանելու սուրբ պատասխանատուութիւն ստանցնած առաքելութիւն: Ան կը կառուցէ հիմքը իւրաքանչիւր աշակերտի ձևավորման տարիներուն՝ կերտելով սերունդներ։
Ուսուցիչի անհատականութիւնն ու մարդկային արժէքները աւելի մեծ նշանակութիւն ունին, քան այն դասը որ կը դասաւանդէ։ Լաւ ուսուցիչը, համբերատար է, անկեղծ սէր ունի ուսման հանդէպ և միշտ ոգևորութիւն կը ցուցաբերէ։
ՈՒՍՈՒՑԻՉը աշակերտներուն կը փոխանցէ մաս մը իր անձէն՝ դասաւանդութեան շաղախելով իր ինքնութիւնը, համոզումներն ու սկզբունքները։
Բանաստեղծ, փիլիսոփայ եւ քննադատ Ինտրա «Նախակրթութեան սխալները» աշխատութեան 19-րդ գլխուն մէջ (որ հրատարակուած է «Արեւելք», 12 օգոստոս 1902, թիւ 5011-ին մէջ) կը գրէ.- Եռանդուն, զուարթ, եւ լրջօրէն հմուտ ու սրատես ուսուցիչ մը ի՜նչ բարիք է իր աշակերտներուն:
Իսկական ուսուցիչը ա՛յն է, որ դասագիրքէն դուրս գալով կը յաջողի սիրցնել դասապահը, իր իմաստութեամբ, իր վարուելակերպով, իր հիւմըրով: Յաճախ մենք կը կարծենք, որ աշակերտներ կ՚ունենան նախասիրած նիւթեր եւ անոնց հիման վրայ կ՚որոշեն, որ դասը լաւ պատրաստել կամ ո՛չ. Սխալ կարծիք է այս մէկը, որովհետեւ դասէն առաջ աշակերտին համար կարեւոր է ուսուցիչը:Շատ կարևոր է նաև ուսուցիչին մարդ տեսակը, անոր վարքագիծը, քանի որ անիկա վառ օրինակ կը հանդիսանայ աշակերտին համար։
Կոմիտաս վարդապետ կ'ըսէ.
"Ուսուցիչ պարո՛ններ ու քոյրե՛ր, զգուշութեամբ ու երկիւղածութեամբ մօտեցէ՛ք դաստիարակութեան գործին. խիստ փափուկ պաշտօն մըն է ձերը: Դաստիարակելու կոչուած էք սերունդ մը, որ ապագայ ազգն է. սխալ ուղղութեամբ՝ ազգ մը կը խորտակէք վերջը":Պարոն Աւօն անգլերէն լեզու և գրականութիւն կը դասաւանդէր ծով սիրով և անոր դասերը շատ աւելի հեռու կը ճամբորդէին, քան` պարզապէս գիրքերը։ Իր նկարագիրը, խօսքերը, միտքերը ձևաւորեցին բազմաթիւ սերունդներ։ Տարիներու ընթացքին դպրոցէն ետք մեր կապերը պահելով յաճախ իրար կ'այցելէինք և ամէն անգամ, երբ կը հանդիպէինք, ան միշտ ունէր իմաստալից և խրախուսական բան կիսելու։ Իր խօսքերը, իմաստութիւնը, քաղաքական վերլուծումները և ներկայութիւնը խորապէս պիտի կարօտնանք։ Ան նուիրուած ուսուցիչ էր՝ անկեղծ, մտածկոտ, միշտ կոկիկ արտաքինով, քաղաքավար, համեստ, ուշադիր և յարգալից։ Իսկական մասնագէտ, որ սրտով կը դասաւանդէր, ձևավորելով աշակերտներու սերունդներ։ Անոր արժանապատիւ ներկայութիւնը, անձնական օրինակը, վերլուծական միտքը և նուրբ բնոյթը թարմ շունչ և լոյսի աղբիւր էին բոլորիս համար։Մեծ կորուստ մըն է պրն. Աւոյին մահը, կրթական ասպարէզին, համայնքին, ընկերային շրջանակին ու ՄԱՆԱՒԱ'ՆԴ իր հիւմորը գնահատողներուն". զինքը ճանչցող ծանօթ մը կ'ըսէր։
Ան բացառիկ ուսուցիչ էր, հիանալի օրինակ և անձնաւորութիւն։ Պրն. Աւօն այդպիսիներէն է որ նոյնիսկ իր մահէն ետք, կը շարունակէ ապրիլ իր աշակերտներուն սրտերուն եւ մտքերուն մէջ:Շա՜տ սիրելի եւ անկրկնելի՜ պարոն Աւօ, շնորհակալութիւն ձեր առաքելութեան և ուսանողներու բազմաթիւ սերունդներու կերտման ծառայութեան համար։ Հանգչիք խաղաղութեամբ և ձեր յիշատակը մնայ` անթառամ։ Խորին ցաւակցութիւններս սիրելի պարոն Աւոյի տիկնոջ` Վերային, զաւակներուն` Լուչիային ու Յակոբին, քրոջը` տիկին Նելիին և բոլոր սիրելիներուն, ինչպես նաև բազմաթիւ երախտապարտ աշակերտներուն, որոնք կը սգան անոր կորուստը և կը յարգեն անոր օրհնեալ յիշատակը»։


