image
Հրատապ լուրեր:

Փաշինեան ԵԱՏՄ նիստին անդրադարձած է Ատրպէյճանի տարածքով բեռներու տեղափոխման

Փաշինեան ԵԱՏՄ նիստին անդրադարձած է Ատրպէյճանի տարածքով բեռներու տեղափոխման

«‎Սա տարածաշրջանում խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման շրջանակներում առաջին կարեւորագոյն ձեռքբերումներից մէկն է»,-ըսած է Նիկոլ Փաշինեանը Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի նիստին՝ անդրադառնալով Ատրպէյճանի տարածքով Հայաստան բեռերու տեղափախման։

Դետկեմբեր 21-ին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ մեկնարկած է Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի նիստը, որուն կը մասնակցի նաեւ Հայաստանի վարչապետը։ ԵԱՏՄ անդամ պետութիւններու ղեկավարները դիմաւորած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը: Նախ տեղի ունեցած է նեղ, ապա ընդլայնուած կազմերով նիստը:

Բարձրագոյն խորհուրդի նիստին խօսելով առեւտրական-լոճիսթիք համագործակցութեան զարգացման հեռանկարներու մասին՝ Փաշինեան ըսած է, որ տեղի ունեցող բարենպաստ եւ կառուցողական փոփոխութիւնները նոր հնարաւորութիւններ կը ստեղծեծ տարածաշրջանի բոլոր երկիրներու համար՝ նպաստելով տնտեսական կայունութեան ամրապնդմանն ու տարածաշրջանային կապերու ընդլայնման։

Դեկտեմբեր 19-ին ատրպէյճանական նաւթամթերքի առաջին խմբաքանակը հասած է Հայաստան, նոյեմբեր 6-ին ու 8-ին ալ ռուսական ու ղազախական ցորենը հասած է Հայաստան՝ Ատրպէյճանի տարածքով։

Այս իմաստով ան երախտագիտութիւն յայտնած է Ատրպէյճանի նախագահին՝ Ատրպէյճանի տարածքով Հայաստան ուղղուող բեռերու անցումային (թրանզիթ) ճանապարհի արգելափակումը վերացնելու որոշման, ինչպէս նաեւ երկկողմ առեւտուրի սկիզբ հանդիսացող պայմաններու ստեղծման համար։

Փաշինեանը նաեւ շեշտած է, որ ընթացիկ տարին նշանակալից էր ԵԱՏՄ-ի միջազգային համագործակցութեան առումով։

«‎Ընդլայնւում է փոխգործակցութիւնը հիմնական գործընկերների՝ Իրանի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնների, Մոնղոլիայի, Չինաստանի եւ Հնդկաստանի հետ։ Բացւում են նոր շուկաներ, ինչը նպաստում է արտահանման եւ ներմուծման դիւերսիֆիկացմանը, ինչպէս նաեւ ամրապնդում է տնտեսութեան դիրքերը»-, ըսած է Փաշինեանը՝ ողջունելով առեւտուրի համաձայնագրի ստորագրումը Ինտոնեզիոյ Հանրապետութեան հետ։

Անդրադառնալով տնտեսութեան՝ Փաշինեան ըսած է, որ միասնական ծառայութիւններու շուկայի գործունէութիւնը կը բարելաւէ մատակարարներու որակը եւ մրցունակութիւնը, կը պարզեցնէ ընթացակարգերը եւ կը ստեղծէ աւելի բարենպաստ միջավայր ձեռնարկութիւններու համար։

Անոր խօսքով՝ այս ուղղութեան զարգացումը պէտք է ընթանայ աւելի արագ, քանի որ այն ուղղակիօրէն պիտի ազդէ ԵԱՏՄ անդամ պետութիւններու տնտեսական աճի վրայ։

Վերջաւորութեան Փաշինեանը վերահաստատած է Հայաստանի յանձնառութիւնը ԵԱՏՄ շրջածիրէն ներս փոխշահաւէտ համագործակցութեան՝ ի նպաստ մեր տարածաշրջանի տնտեսական կայունութեան եւ կայուն զարգացման։