Վրաստանի խորհրդարանի խօսնակ Շալվա Փափուաշվիլին յայտարարած է, որ Թիֆլիսը չաջակցիր Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիին։
«Եւս մէկ անգամ յիշեցնեմ, որ Զելենսքին ետ կանչեց իր դեսպանը Վրաստանէն այն պատճառով, որ մենք չթոյլատրեցինք վրացիներուն երթալ Ուքրանիա եւ մահանալ պատերազմին։ Մենք ամէն ինչ կ՚ընենք ուքրանացի ժողովուրդի համար։ Զելենսքին անշնորհակալ մարդ է։ Ես առաջինը չեմ, որ կ՚ըսեմ այդ։ ԱՄՆ նախագահը անոր ըսած է՝ գոնէ որոշակի երախտագիտութիւն ցուցաբերէր»,-ըսած է Փափուաշվիլին՝ աւելցնելով,- «Զելենսքին ո՛չ Ամերիկայի հանդէպ շնորհակալ եղած է, ո՛չ Վրաստանին։ Մենք կ՚աջակցինք ուքրանացի ժողովուրդին»։
Ըստ Վրաստանի խորհրդարանի խօսնակի՝ Զելենսքիի վերաբերեալ վերջնական գնահատականը պիտի տայ ուքրանացի ժողովուրդը։