image

Փախուստ դէպի քաղցրայուշ անցեալս

Փախուստ դէպի քաղցրայուշ անցեալս

Այսօր մոխրագոյն մշուշը որոշած է հիւրընկալել անձրեւի առատ ու թախծոտ կաթիլները։ Արեւին բացակայութիւնը ակամայ զիս կը տխրեցնէ, առաւել ամենօրեայ սովորութիւնս՝ բնութեան մէջ քալելու երանութիւնը, անկարելի կը դարձնէ։ Ինքզինքս կ՚ուզեմ զբաղ պահել, սակայն արձակուրդի օր ըլլալով, աղջիկս  ինք ստանձնած է խոհանոցը եւ իր երեխաներուն նախասիրած «Լազանիա»ն կը պատրաստէ: Մանր- մունր գործեր կը ստեղծեմ, միաժամանակ երկինքին պայծառանալու յոյսէն չեմ հրաժարիր։ Տան ապակեայ դռներէն բակը կը դիտեմ եւ սաստիկ հովէն ճօճուող ծառերով կը մտահոգուիմ, յատկապէս զղեարի (նոր աշխարհի) ծառով, որ իր ճիւղերուն վրայ առատ պտուղ շալկած է եւ մեզի ու շրջանի սկիւռներուն կը սպասէ: Թոռնիկս՝ Լորին, անհամբեր է, ան նոյնիսկ կ՚աղօթէ, որ Աստուած Պապան նոր աշխարհները շուտ հասունցնէ:Դժբախտաբար երկնակամարին վրայ նստած թանձր ամպերը կը յամառին եւ արեւի նշոյլի մը իսկ թոյլ չեն տար ճեղքելու իրենց ամբողջութիւնը։

Թէեւ եփուածը Լազանիա է, բայց այս ցուրտ օդին մօրս պատրաստած ոսպապուրին հոտը քիթիս կը հասնի։ Հոտ մը, որ բաւարար է զիս դէպի  մանկութիւն եւ պատանեկութիւն փոխադրելու եւ հօրենական տանս ու թաղիս հետ կապուած բազմաթիւ յուշեր զարթնեցնելու:

Վերջերս՝ Պէյրութ գտնուած ժամանակաշրջանիս, յաճախ քալեցի  մեր  թաղէն, անցայ տանս առջեւէն, բայց ոչինչ կար զիս դէպի ներս հրաւիրող: Հոգեհարազատ հինը՝ գետնի վրայ, գոյութիւն չունէր: Անդրադարձայ, որ միտքիս մէջ արձանագրուած յուշերն են, որոնք մնայուն սեփականութիւնս ըլլալէ անդին՝ իսկական են ու փայփայանքիս արժանի: Թաղին դրացիները ֆիզիքապէս չկային, բայց իրենց դէմքերով, պատմութիւններով, շէնշող աղմուկով, հետս էին: Թաղը լուռ էր ու պարպուած իր անցեալի բոլոր մանրամասնութիւններէն: Անցեալին թաղը կը խայտար՝ մանուկներով, պատանիներով, աւագ սերունդով, փերեզակներով: Հակառակ թաղին մէջ բնակող սեւազգեստ ու տխրադէմ տարեցներուն, մանուկներուն աչքերը՝ աստղերու նման կը փայլէին իրենց ժպտադէմ դէմքերուն վրայ: Կրնամ հաստատել, որ գոհունակութեան ու երջանկութեան իրավիճակ մը կը տիրէր: Երկու մեթր պարան մը բաւարար էր, որ աղջիկներս ժամերով «պարան ցատկել» խաղայինք: Հինգ մանր քարերով կրնայինք քանի մը ժամ զբաղիլ, իսկ աչք խփուքը՝ շէնքերուն  աստիճաններէն վեր-վար իջնել- ելլելը, կողքի թաղերը վազվզելը, մեր անփոխարինելի հաճոյքն էր: Յոգնիլ ի՞նչ էր, չէինք գիտեր, նոյնպէս ալ ձանձրոյթ ըսուածը:

Բաւարար էր գնդակ մը ու պատէ- պատ կապուած պարան մը, որպէսզի երկու հակառակորդ  խումբերով վոլիպոլ ( volleyball) խաղայինք։ Շաբաթավերջին, հայրս, ընդառաջելով խաղացող խումբերուն, իրաւարարի դերը կը ստանձնէր: Հայրս, թէ՛ հոգիով եւ թէ՛ արտաքին տեսքով յաւերժ երիտասարդ էր: Ան բնաւ չէր դժկամեր զոհելու իր հանգիտի ժամերը, որպէսզի փոքրերուն զբաղեցնէ եւ ուրախացնէ: Պատմելու բացառիկ կարողութիւն ունէր, նոյն բանը կրնար տասը անգամ պատմել եւ լսողներուն ուշադրութիւնը ամբողջովին կլանել: Հօրս համար երգելը թթուածինի նման անհրաժեշտ էր: Շատ հաճելի կը հնչէին շրթնահարմոնի (harmonica) վրայ կատարած իր նուագները: Մեր տան առջեւէն անցնողը միշտ երաժշտութիւն կը լսէր:

Առատութեան դար էր, հինգ թահեկանով իսկ  կրնայինք գնում ընել: Ճերմակ թոյլը ձեռքին «քերեպիչ» (ճերմակ փրփուրի նման քաղցրահամ քրէմ ) ծախողը, երբ թաղ կը մտնէր, անոր ռնգային ու զիլ  ձայնը աշխարհը կը լսէր. « Քէրէպի՜չ, եա քերեպի՜չ»: Աջէն- ձախէն թաղին մանուկները վրայ կը հասնէին եւ ամէն մէկը հինգ դահեկանի դիմաց զար մը (dice) կը նետէր եւ ըստ զարին վրայ երեւցած թիւին կը ստանար քերեպիչով լեցուն իր կոնը կամ կոները (cones): Ա՜խ, որքան կը գորոզանային հինգ կամ վեց կոն շահողները: Անոնք ճերմակ քրէմով լեցուն կոները իրար վրայ կը շարէին եւ բազմայարկ շէնքի նման իրենց յաղթանակը կը ցուցադրէին: Դժբախտաբար իմ վիզս միշտ «ծուռ կը մնար», քանի, որ ստացածս՝ մէկ, կամ հազուադէպ երկու կոն կ՚ըլլար:

Քերեպիչի trauma-էն աւելի ծանրը կար, երբ Տիկ. Սառային զաւակներուն հետ թղթախաղ «աղջիկ փախցնել» կը խաղայինք ու ես միշտ կը պարտուէի: «Անպիտան աղջիկը» միշտ իմ ձեռքս կը մնար: Լացս հազիւ կը զսպէի, մինչ կողքիններս լիաթոք կը խնդային: Երկար ժամանակ պարտուածի հոգեվիճակը ապրելէ ետք, իմացայ, որ նստած աթոռիս ճիշդ ետեւը հագուստներու պահարան մը կար, որուն վրայ մեծ հայելի մը կը հանգչէր: Հակառակորդներս հայելիին մէջէն կը տեսնէին բռնած քարտերս եւ անշուշտ որ «աղջիկ»ը միշտ քովս պիտի մնար:

Այսօր անձրեւոտ կլիմայէն կը գանգատիմ, բայց անցեալին շատ կը հրճուէի, երբ ձմռան երեկոներուն  թարմ արմաւ ծախող փերեզակը կը յայտնուէր։ Ան երկարահասակ մարդ մըն էր, բժիշկի նման ճեփ ճերմակ համազգեստ կը հագուէր, մազերը միշտ խնամքով սանտրուած էր ու briliantin օծանելիքով փայլեցուած ։ Ան լեփ- լեցուն, սեւ ու փայլուն արմաւները խնամքով շարած կ՚ըլլար։ Կառքին կողմերէն բարձրացող չորս ձողերուն օգնութեամբ, ամբողջ կառքը թագաւորական մահճակալի մը նման, թափանցիկ նայլընով ծածկած կ՚ըլլար, իսկ նայլընին տակ լապտեր մը զետեղած, որուն մեղմ լոյսի ճառագայթները յատուկ խորհրդաւորութիւն մը կը ստեղծէին: Հոլիվուտեան դերասանի տեսքով  փեռեզակը, տուած  քսանհինգ թահեկանս կը համբուրէր, աչքերը դէպի երկինք յարելով Աստուծոյ փառք կը յայտնէր: Իր ստացած թահեկանին փոխարժէքովը  լեփ- լեցուն արմաւ կու տար ինծի : Ա՜խ, ինչքա՜ն համով էին այդ թարմ արմաւները, կարծես թէ եդեմէն փրցուած ըլլային:

-Եկէ՛ք, ճաշը պատրաստ է:

Աղջկաս հրաւէրով յուշերուս թելը կ՚ընդհատուի: Կ՚անդրադառնամ, որ սիրտս զուարթացած է ու դէմքս կը ժպտայ: Արդէն կլիմային ժխտական ազդեցութիւնը չքացած է ու ինքզինքս «բանտարկուած» չեմ զգար: Այո՛, ոչինչ կրնայ կաշկանդել զիս, երբ միտքս կարողութիւնը ունի ազատօրէն ճախրելու ու անցեալի քաղցր յիշատակները վերապրելու:

 Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Ծնած եմ Պէյրութ ընթերցասէր ընտանիքի մը մէջ: Գ...