image

Նուիրեալ ազգային՝ Վիգէն Չեմպերճեանի մահը Երեւանի մէջ

 Նուիրեալ ազգային՝  Վիգէն Չեմպերճեանի մահը  Երեւանի մէջ

Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Վիգէն Չեմպերճեանը։

Ան ծնած էր Հալէպ  եւ կանուխ տարիքէն նետուած կեանքի ասպարէզ։  Ընտանեկան պարտաւորութիւնները կատարելու կողքին Վիգէն Չեմպերճեան աշխոյժ մասնակցութիւն բերած էր Հալէպի  ազգային կեանքին ստանձնելով տարբեր պաշտօններ, թէ՛ կուսակցական, թէ ալ միութենական մարմիններու մէջ։

Որպէս ՍԴՀԿ անդամ Վիգէն Չեմպերճեան շրջան մըն ալ եղած է Սուրիոյ ՍԴՀԿ Շրջանի Վարիչ մարմնի ատենապետ ու այդ տարիներուն ձեռնհասօրէն առաջնորդած մասնաւորապէս Հալէպի եւ Դամասկոսի մէջ ազդու ներկայութիւն հանդիսացող կուսակցութիւնը։

Այս առթիւ ցաւակցական ուղերձներով հանդէս եկած է Սուրիոյ ՍԴՀԿ Մարմինը, ինչպէս նաեւ Հալէպի Կրթասիրաց Վարժարանը։

Հանգուցեալի հոգեհանգստեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Ուրբաթ, 6 Փետրուար 2026-ին, Ժամը 18:00-ին, Գոնդի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ։

Թաղման արարողութիւնը տեղի պիտի ունեանայ Շաբաթ, 10 Փետրուար, 2026-ին Ժամը 12:30-ին, Գոնդի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ։

Նշենք, որ հանգուցեալը եղբայրն է Հալէպահայ յարգուած բարերար Տիար Գաբրիէլ Չեմպերճեանին, որ վերջին տարիներուն հաստատուած էր Հայաստան։

Այս առթիւ «Արեւելք» իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յղէ հանգուցեալի բոլոր հարազատներուն եւ մասնաւորապէս թերթիս բարեկամ՝ Գաբրիէլ եւ Սարգիս Չեմպերճեանները։

Աստուած հոգին լուսաւորէ։