«Չվախնանք դժուար հարցերէն։ Առողջ բանավէճը եւ խորունկ վերլուծութիւնը անհրաժեշտ են, որպէսզի մեր ընտրած կառավարութիւնը իսկապէս բարելաւէ Հայաստանի քաղաքական ու տնտեսական միջավայրը, յստակ ծրագիր ներկայացնէ պաշտպանութեան ամրապնդման համար եւ ապահովէ մեր երկրի բարգաւաճումն ու անվտանգութիւնը»։
Օրերս ամերիկահայ ձեռներէց Ալեք Պաղտասարեան գրառում մը կատարելով փորձած է լուսարձակի տակ առնել մէկ կարեւոր ճշմարտութիւն ըստ որուն, համայնքային կեանքը չի կրնար սահմանափակուիլ սոսկ հանդիսութիւններով կամ պաշտօնական հանդիպումներով։ Ան կը շեշտէ, որ այսօր՝ երբ Հայաստանը կը գտնուի բարդ քաղաքական եւ աշխարհաքաղաքական հանգրուանի մը մէջ, Սփիւռքի հայութեան պատասխանատուութիւնը կրկնապատկուած է։
Իր անդրադարձով ան ոչ միայն կը պատմէ շարք մը հանդիպումներու եւ նախաձեռնութիւններու մասին, այլ կը մատնանշէ ներգրաւուածութեան անհրաժեշտութիւնը՝ դիւանագիտական, կրթական, գործարար եւ քաղաքական մակարդակներու վրայ։ Պաղտասարեան կը բացատրէ, թէ համայնք–Հայաստան կապը պէտք է դառնայ աւելի համակարգուած, աւելի գիտակցական եւ աւելի գործուն, որպէսզի ապատեղեկատուութեան, բաժանումներու եւ արտաքին ազդեցութիւններու պայմաններուն մէջ հայութիւնը կարողանայ ձեւաւորել իր սեփական, հիմնաւոր կարծիքն ու դիրքորոշումը։
Անոր գրառումը, հետեւաբար, պարզ տեղեկատուական հաշուետուութիւն մը չէ, այլ կոչ՝ մտածելու, քննարկելու եւ մասնակցելու։ Ան կը յիշեցնէ, որ ապագան կը կերտուի ոչ միայն Երեւանի մէջ, այլ նաեւ Սփիւռքի համայնքներուն մէջ, ուր հայերը պէտք է գիտակցաբար ներգրաւուին ազգային հարցերուն շուրջ ընթացող քննարկումներուն։
Ստորեւ մեր հայրենակից՝ Ալեք Պաղտասարեանի գրառումը՝
«Երէկուան օրը գեղեցիկ աւարտ մը եղաւ հրաշալի շաբթուան մը, որուն ընթացքին պատիւը ունեցայ հանդիպելու Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս՝ Պատուաւոր Աննա Աւետիսեանին։

Տարիներու ընթացքին առիթ ունեցած եմ աշխատելու Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի բազմաթիւ գլխաւոր հիւպատոսներու հետ։ Անոնցմէ ոմանք պաշտօնին մօտեցած են զուտ դիւանագիտական շրջանակի մը մէջ, սահմանափակելով իրենց ներգրաւուածութիւնը համայնքային կեանքին։Ուրիշներ աւելի բաց եղած են ստանձնելու առաջնորդական դեր համայնքին մէջ՝ մասնակցելով տեղական ձեռնարկներու եւ աջակցելով մշակութային ու գործարարութեան զարգացման նախաձեռնութիւններուն։
Այս անգամ իմ հանդիպած անձը մարմնաւորեց ամէնէն դրական եւ ցանկալի յատկանիշները, մանաւանդ այս լարուած ժամանակաշրջանին, երբ Հայաստանի մէջ ընտրական գործընթացներն ու կուսակցական պատկանելութեան հետ կապուած հարցերը զգալի ազդեցութիւն ունին։ Ան ոչ միայն ամէն թեմայի մօտեցաւ անկեղծութեամբ, ջերմութեամբ եւ մասնագիտական լրջութեամբ, այլ նաեւ ցուցաբերեց խոր ըմբռնում համայնքային կեանքին նկատմամբ, որ պիտի օգնէ իրեն առաջնորդական դեր ստանձնելու եւ համայնքի հայերը աւելի մօտեցնելու Հայաստանին։
Իր պաշտօնական կարողութեան մէջ ան կրնայ կենսական դեր կատարել՝ համայնքը իրազեկ պահելու Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն մասին, յատկապէս այսպիսի շրջանի մը մէջ, երբ մեր երկիրը կ՚ապրի կարեւոր իրադարձութիւններ՝ սպասուող ընտրութիւններ, խաղաղութեան պայմանագրի քննարկումներ, «TRIPP» նախաձեռնութիւն եւ «NVIDIA»-ի նշանակալի ներդրումները Հայաստանի մէջ։
Շաբաթը սկսաւ «DiasporArm» կազմակերպութեան հանդիպումով։ Անոնց համար, որոնք գուցէ ծանօթ չեն, «DiasporArm»-ի առաքելութիւնն է համախմբել Սփիւռքի ներուժը, համակարգել գործողութիւնները, աջակցիլ նախաձեռնութիւններուն եւ ստեղծել համադրուած աշխատանքային ցանցեր՝ ի նպաստ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ աշխարհասփիւռ հայութեան յառաջընթացին։ Այս ամսուան սկիզբը մասնակցեցայ իբրեւ բանախօս «DiasporArm»-ի կազմակերպած «Հայկական աշխարհի առաջնորդութեան բացը կամրջել» խորհրդաժողովին։ Երբ առաջին անգամ հրաւիրուեցայ իբրեւ բանախօս, իմ առաջին արձագանգս եղաւ՝ մերժել, նկատի ունենալով, թէ կան աւելի կարող եւ փորձառու անձեր այս նիւթը քննարկելու համար։ Սակայն, տարբեր պատճառներով շատեր չընդունեցին մասնակցութիւնը, եւ ի վերջոյ համաձայնեցայ ստանձնելու այդ պարտականութիւնը։ Յուզիչ էր տեսնել թէ քանի՛ հոգի մասնակցեցան ներկայութեամբ եւ առցանց՝ աշխարհի տարբեր անկիւններեն։ Առաւել տպաւորիչ էր ներկաներու ներգրաւուածութիւնը, որ արդէն իսկ պատճառ դարձած է նոյն ամսուան ընթացքին երկու լրացուցիչ հանդիպումներու՝ շարունակելու քննարկումները։
Շաբթուայ գագաթնակէտը եղաւ Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար՝ Արայիկ Յարութիւնեանի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին դեսպան՝ Լիլիթ Մակունցի հետ կայացած հանդիպումը։ Բաց եւ անկեղծ երկխօսութիւնը խոր եւ ռազմավարական պատկերացում տուաւ Հայաստանի համար կարեւոր թեմաներու շուրջ։ Տրուած իւրաքանչիւր հարց մանրամասն քննարկուեցաւ, որպէսզի ներկաները ամբողջական ըմբռնում ունենան խնդրի ազդեցութեան մասին։
Այս շաբաթ նաեւ մասնակցեցայ Հայ Կրթական Հիմնարկութեան ռազմավարական ժողովին, ինչպէս նաեւ կազմակերպեցի հանդիպումներ՝ նախապատրաստելու Հայ-ամերիկեան Գործարար Խորհուրդի ամսական ցանցային հանդիպումները։ Այս բոլոր նախաձեռնութիւնները կը փաստեն, թէ որքան մեծ է մեր համայնքին ներուժը եւ որքան կարեւոր է մեր ներգրաւուածութիւնը։
Այսօր ապատեղեկատուութեան տարածումը չափազանց դիւրին դարձած է, յատկապէս մեր ազգի հակառակորդներուն կողմէ։ Ահա թէ ինչու աւելի յաճախակի հանդիպումներ, հաղորդակցութեան միջոցներ եւ առողջ քննարկումներ անհրաժեշտ են։ Իւրաքանչիւր հայ պէտք է կազմէ իր սեփական կարծիքը՝ տեղեկանալով վստահելի աղբիւրներէ եւ մասնակցելով բանավէճերուն։
Անձամբ, միշտ փորձած եմ ներգրաւուած ըլլալ թէ՛ տեղական համայնքին մէջ, թէ՛ Հայաստանի մէջ եւ թէ՛ Հայաստանի պետական մարմիններու հետ աշխատանքին մէջ։ Իմ մասնակցութեան մակարդակը մնացած է նոյնը՝ անկախ նախագահական ժամանակաշրջաններէն՝ թէ՛ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ թէ՛ Սերժ Սարգսեանի օրօք։ Խորհրդատու եղած եմ «Enterprise Armenia»-ին, աջակցած եմ Հայաստանէն եկող պատուիրակութիւններուն եւ ղեկավարած եմ «Global Trade Network»-ի նախաձեռնութիւններ։ Այս ամբողջ ժամանակաշրջանին միշտ նոյն կոչը ուղղած եմ՝ ՆԵՐԳՐԱՒՈՒԻ՛ՆՔ։ Ներգրաւուինք մեր համայնքին, Սփիւռքին եւ Հայաստանին մէջ։ Ինչպէս նախագահ Ճոն Քէնըտի ըսած էր. «Մի՛ հարցնէք, թէ ձեր երկիրը ինչ կրնայ ընել ձեզի համար, հարցուցէք՝ դուք ինչ կրնաք ընել ձեր երկրի համար»։ Մեր պարագային, այս «երկիրը» կը նշանակէ թէ՛ Հայաստան, թէ՛ Սփիւռք, եւ կամուրջը՝ որ պէտք է կապէ զանոնք։
Մեր ներգրաւուածութիւնը աւելի կենսական կը դառնայ ընտրական շրջանին, երբ որոշումները կրնան լուրջ հետեւանքներ ունենալ մեր երկրի ապագային վրայ։ Բաւարար է դիտել «NVIDIA»-ի ներգրաւուածութիւնը Հայաստանի մէջ, անվտանգութեան քաղաքականութեան հաւասարակշռուած մօտեցումը եւ հարեւաններու հետ փոխյարաբերութիւններու կարեւորութիւնը։ Պէտք է նաեւ դասեր քաղել տարածաշրջանի այլ երկիրներու փորձառութենէն եւ հարց տալ՝ պատրա՞ստ ենք արդեօք ամրապնդելու Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը եւ ազատագրելու ընտրական գործընթացները օտար ազդեցութիւններէ։
Ուստի, որոշենք ներգրաւուիլ։ Որոնենք վստահելի տեղեկութիւն, պահանջենք բաց բանավէճեր եւ տանք հիմնական հարցերը. կ՚ուզենք Հայաստան մը, ուր ընդդիմադիրները բանտերու մէջ կը մահանան։ Կ՚ուզենք վերադառնալ համատարած կաշառակերութեան օրերը։ Արդեօ՞ք այսօր Հայաստանը աւելի լաւ կը կառավարուի, քան 15 տարի առաջ։ Կ՚ուզե՞նք ենք նոր պատերազմ։ Արդեօ՞ք մեր երկիրը ճիշդ ուղղութեամբ կը շարժի։
Չվախնանք դժուար հարցերէն։ Առողջ բանավէճը եւ խորունկ վերլուծութիւնը անհրաժեշտ են, որպէսզի մեր ընտրած կառավարութիւնը իսկապէս բարելաւէ Հայաստանի քաղաքական ու տնտեսական միջավայրը, յստակ ծրագիր ներկայացնէ պաշտպանութեան ամրապնդման համար եւ ապահովէ մեր երկրի բարգաւաճումն ու անվտանգութիւնը»։