image

Հալէպ. Հոգեհանգստեան կարգ՝ նորոգ վախճանեալ Գերշ. Տ. Տաթեւ արք. Սարգիսեանի

Հալէպ. Հոգեհանգստեան կարգ՝ նորոգ վախճանեալ Գերշ. Տ. Տաթեւ արք. Սարգիսեանի

Օրերս, Բերիոյ Հայոց Թեմի բոլոր շրջաններուն՝ Հալէպի, Գամիշլիի, Լաթաքիոյ եւ Քեսապի եկեղեցիներէն ներս, Մեծ Պահոց Արտաքսման Կիրակիի Սուրբ Պատարագէն ետք, Հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուած է նորոգ վախճանեալ Գերշ. Տ. Տաթեւ Ս. Արք. Սարգիսեանի յիշատակին։

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեան նախագահած է արարողութեան՝ Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Թեմի դիմատետրեան էջէն։

Տնօրինութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Կիրակի, 22 Փետրուար 2026-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի բոլոր շրջաններուն՝ Հալէպի, Գամիշլիի, Լաթաքիոյ եւ Քեսապի եկեղեցիներէն ներս, յետ Մեծ Պահոց Արտաքսման Կիրակիի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան աւագ միաբաններէն եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի նախկին Առաջնորդ նորոգ վախճանեալ Գերշ. Տ. Տաթեւ Ս. Արք. Սարգիսեանի։ 

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Հոգեհանգստեան արարողութեան։

«Հոգւոցն Հանգուցելոց» աղօթքը արտասանուեցաւ՝ նորոգ վախճանեալ հոգելոյս Սրբազան Հօր հոգիին խաղաղութեան համար, հայցելով, որ Ամենակալը իր հոգին լոյսերու մէջ պահէ եւ Երկինքի Արքայութեան արժանացնէ։

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։