image

Թրամփ ԱՄՆ-ի մէջ իրավիճակի մասին ամենամեայ ելոյթով դիմած է ամերիկացի ժողովուրդին

Թրամփ ԱՄՆ-ի մէջ իրավիճակի մասին ամենամեայ ելոյթով դիմած է ամերիկացի ժողովուրդին

 

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ հանդէս եկած է Քոնկրեսին ուղղուած իր ամէնամեայ ուղերձով։ Ան իր ներկայ քաղաքականութիւնը բնորոշած է որպէս «Ամերիկայի ոսկեդար» եւ այդ ուղղութեան վերագրած է երկրի պատմութեան մէջ արձանագրուած մրցանշային յաջողութիւնները, որոնք, ըստ իրեն, յանգեցուցած են «այնպիսի վերափոխման, որուն նմանը ոչ ոք երբեւէ տեսած է»։

Այս յայտարարութիւնը ամերիկացի ղեկավարը կատարած է չորեքշաբթի, փետրուար 25-ին, Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտի առջեւ՝ երկրի մէջ տիրող վիճակի մասին իր ամէնամեայ ուղերձին մէջ։

«Մեր ազգը դարձած է՝ աւելի մեծ, աւելի լաւ, աւելի հարուստ եւ աւելի հզօր, քան երբեւէ։ Ասիկա Ամերիկայի ոսկեդարն է», յայտարարած է Թրամփ։ Պաշտօնավարութեան մէկ տարիէն ետք ԱՄՆ նախագահը յաջողութիւններ կը տեսնէ ամէնուր։ Ըստ Թրամփի՝ ԱՄՆ սահմանները ապահով են, «տնտեսութիւնը կը զարգանայ՝ այնպէս, ինչպէս երբեք չէ զարգացած», իսկ «Ամերիկայի թշնամիները կը վախնան»։

Ներքին քաղաքականութեան մէջ Թրամփ իրեն վերագրած է տնտեսական յաջողութիւնները՝ պենզինի գիներու նուազում, գնաճի մակարդակի կայունացում եւ բնակարանային շուկայի ենթադրեալ բարելաւում։ ԱՄՆ նախագահը նաեւ գոված է աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու ապրանքներուն նկատմամբ մաքսատուրքեր սահմանելու իր որոշումը՝ նշելով, որ ապագային այդ միջոցներով գոյացած եկամուտը կրնայ փոխարինել այն համակարգը, որով ամերիկացիները եկամտահարկ կը վճարեն։

Թրամփի խօսքով՝ իր կառավարման մէկ տարուան ընթացքին ԱՄՆ յաջողած է երկիր ներգրաւել աւելի քան 18 թրիլիոն տոլար։ Ըստ CNN-ի՝ այս յայտարարութիւնը հեռու է իրականութենէն։ Լրատուամիջոցը նշած է, որ նոյնիսկ Սպիտակ տունը իր կայքին վրայ «ներդրումներու մասին յայտարարութիւններու» ընդհանուր գումարը կը գնահատէ 9.7 թրիլիոն տոլար, եւ խօսքը յայտարարութիւններու մասին է, ոչ թէ ամրագրուած պարտաւորութիւններու։