Հայ Աւետարանական Բեթէլ Եկեղեցւոյ Միացեալ Ժողովը, օրերս, շնորհաւորական այցելութիւն մը տուած է Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի պետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանին, անոր համայնքապետի վերընտրութեան վեցերորդ պաշտօնավարութեան առիթով։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Հալէպի Հայ Աւետարանական Բեթէլ Եկեղեցւոյ պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ հաղորդագրութիւնը՝
Կիրակի, 18 Յունուար 2026-ին Հայ Աւետարանական Բեթէլ Եկեղեցիի Միացեալ Ժողովը շնորհաւորական այցելութիւն տուաւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանին, անոր համայնքապետի վերընտրութեան վեցերորդ պաշտօնավարութեան առիթով։
Ժողովականները փոխանցեցին իրենց շնորհաւորանքներն ու բարեմաղթանքները՝ մաղթելով Աստուծոյ առաջնորդութիւնը եւ իմաստութիւնը, զանազան պատասխանատու յանձնառութիւն Համայնքին կեանքին մէջ։
Բեթէլի Ժողովը վերահաստատեց իր պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու միասնական գործակցութիւնը համայնքային, հոգեւոր եւ ընկերային կեանքի զարգացման ուղղութեամբ։

