«Արեւելք»ի Կիպրոսի վստահելի աղբիւրէն վերահասու կը դառնանք, որ երկրի Խորհրդարանի հայկական համայնքի ներկայացուցիչ՝ Տիար Վարդգէս Մահտեսեան պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը։ Նոյն առումով եւ յառաջիկայ օրերուն ան իր թեկնածուութիւնը պաշտօնապէս պիտի յայտարարէ։
Դարձեալ մեր աղբիւրին յղում տալով, հարկ կը համարենք նշել, որ Վարդգէս Մահտեսեանի թեկնածուութեան յայտարարումը կարեւոր հանգամանք կը համարուի Կիպրոսի հայագաղութին համար։ Այն առումով, որ այլ թեկնածուներու չգոյութեան պատճառով մեծ է հաւանականութիւնը, որ համայնքի պարագային ընտրութիւններ պիտի չըլլան ու Մահտեսեան անմիջապէս պիտի համարուի ընտրուած ներկայացուցիչ։
Շուրջ ամիս առաջ «Արեւելք» մանարմասն կերպով լուր մը հրապարակած էր Կիպրոսի մասին փորձելով ներկայացնել հայագաղութին մէջ այսօր տիրող դրութիւնը ու նաեւ Վարդգէս Մահտեսեանի ունեցած դերն ու անոր գործելաոճին արդիւնաւէտութիւնը։
Կը մնայ յուսալ, որ յառաջիկայի Մայիսէն ետք, երբ աւարտին կը հասնին ընտրութիւնները, Մահտեսեան դարձեալ շարունակէ իր առաքելութիւնը, այդպիսով ալ նպաստած ըլլալով հայկական համայնքին միասնականութիւնը եւ համախմբուածութիւնը։
Կիպրոսի հայկական գաղութը ունի բաւականին կարեւոր հնարաւորութիւններ, որոնց առընթեր Պետական Ներկայացուցիչի դերն ու տեղը աւելիով կ՚ամրագրուին ներքին համերաշխութեան մթնոլորտի մը մէջ։
Այստեղ հարկ կը համարենք յիշեցնել, որ Տիար Վարդգէս Մահտեսեան այս պաշտօնը առաջին անգամ ստանձնած էր 2006 թուականին եւ այդ առումով ալ այս տարին բարեբաստիկ տարի մը պիտի համարուի, քանի իր լրումին կը հասնի անոր քաղաքական գործունէութեան կարեւոր պաշտօնին՝ համայնքի պետական ներկայացուցիչի պաշտօնին 20-րդ տարեդարձը։
Օրեր առաջ Մահտեան ի շարս այլ գործիչներու պարգեւատրուած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ անձամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ, որմէ ետք ալ ան շնորհակալական այց մը տուած էր Անթիլիասի Մայրավանք եւ ընդունուած Արամ Ա. Վեհափառին կողմէ։ Այս պարագան նոյնպէս կարեւոր է, ու այդ առումով ալ Արամ Կաթողիկոսի տուած օրհնութիւնը աւելիով կը խթանէ Կիպրոսի հայկական համայնքին ներքին համերաշխութիւնն ու միասնականութիւն։
Նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք՝ Տիար Վարդգէս Մահտեսեանին, վստահ ըլլալով, որ ան նոյն ոգիով պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը։
