Ատրպէյճանական գերութենէն վերադարձած Վիգէն Էուլճեքչեանի կինը կ՚ահազանգէ՝ ամուսնոյն առողջական վիճակը երթալով կը վատթարանայ։
«Փաստինֆո»-ի հետ զրոյցին Լինտա Էուլճեքչեանը յայտնած է, որ անոր արեան ճնշումը վտանգաւոր բարձր է։ «Բժիշկները կ՚ըսեն՝ կայ սրտի յանկարծակի կանգի վտանգ, եւ անոր անհրաժեշտ է սրտի վիրահատութիւն։ Բացի այդ, ան լեարդի խնդիրներ ունի եւ արեան սպիտակ բջիջներու (լէյկոցիտներու) բարձր քանակութիւն։ Իրավիճակը շատ բարդ է։ Տիկին Անահիտ Մանասեանը աջակցած է բժշկական օգնութեան հարցով, իսկ «Նայիրի» հիւանդանոցը՝ անվճար հետազօտութիւններ կատարած է»։
Անոր հաղորդմամբ՝ այժմ նաեւ բնակութեան վայրին հետ կապուած խնդիր ունին։ «Հիմա կ՚ապրինք տան մը մէջ, ուր ընկերային օգնութիւն չկայ։ Իրավիճակը շատ վատ դարձած է։ Այս տունը մէկ ամսուան համար վարձակալած են քանի մը ընկերներ։ Սակայն ընկերային օգնութիւն չէ ստացած՝ վարձը վճարելու կամ սնունդ գնելու համար։ Ես չափազանց անհանգստացած եմ, այս իրավիճակը Վիգէնին աւելի կ՚անհանգստացնէ, եւ այդ լաւ չէ անոր առողջութեան համար։
Ան նաեւ տակաւին չէ կրցած տեսնել իր երեխաները», կ՛ըսէ. «Եթէ դուստրս գայ, ինչո՞վ պիտի կերակրեմ անոր։ Ի՞նչ պիտի ընեմ»։ Ան ամէն ինչի մասին կը մտածէ, եւ այս մէկը նաեւ հոգեբանական տառապանք կը պատճառէ իրեն։ Ես կ՚ամչնամ այս իրավիճակէն»,– ըսած է կինը։