Ղազախստանի Քարականտայի մարզին մէջ Սու-30ՍՄ կործանած է, չորեքշաբթի յայտնած է Ղազախստանի հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը:
«Այս տարուան փետրուար 25-ին Քարականտայի մարզին մէջ ծրագրուած ուսումնամարզական թռիչքներու կատարման ժամանակ Սու-30ՍՄ կործանիչը վթարի ենթարկուած է։ Ինքնաթիռի անձնակազմը ժամանակին դուրս նետուած է փրկարարական համակարգի միջոցով։ Օդաչուները ողջ են, անոնց կեանքին եւ առողջութեան վտանգ չի սպառնար։ Անոնք կը գտնուին բժշկական մասնագէտներու հսկողութեան տակ»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։