image

Զելենսքի յայտնած է մարտի սկիզբը ԱՄՆ-ի եւ Ռուսիոյ հետ եռակողմ հանդիպման մասին

Զելենսքի յայտնած է մարտի սկիզբը ԱՄՆ-ի եւ Ռուսիոյ հետ եռակողմ հանդիպման մասին

 

Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի յայտնած է, որ փետրուար 26-ին Ժընեւի մէջ տեղի պիտի ունենայ ուքրանական պատուիրակութեան հանդիպումը ԱՄՆ նախագահի բանագնացներ Սթիւ Ուիթքոֆի եւ Ճարետ Քուշների հետ, իսկ մարտ ամսուան սկիզբը պիտի կայանայ եռակողմ հանդիպում՝ ռուսական կողմի մասնակցութեամբ։ 

Լրագրողներու հետ առցանց հանդիպման ընթացքին Ուքրանիոյ նախագահը նշած է, որ առաւօտեան հանդիպում ունեցած է Ազգային անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան խորհուրդի քարտուղար եւ ուքրանական պատուիրակութեան ղեկավար Ռուստեմ Ումերովի հետ։

«Ան վաղը հանդիպում պիտի ունենայ ամերիկացի բանակցողներ Ուիթքոֆի եւ Քուշների հետ», ըսած է Զելենսքին։

«Երկրորդ հարցը՝ պիտի նախապատրաստուիլ եռակողմ հանդիպման, որ արդէն պիտի ըլլայ Ռուսիոյ հետ եւ, մեր կարծիքով, տեղի պիտի ունենայ մարտ ամսուան սկիզբը», աւելցուցած է ան։

Ան նշած է, թէ Ումերովի առջեւ խնդիր դրած է քննարկելու ռազմագերիներու յաջորդ փոխանակման մանրամասնութիւնները։

Ումերովի հետ Ժընեւի մէջ նախատեսուող հանդիպման մասին փետրուար 24-ին յայտնած էր նաեւ Ուիթքոֆը։ Ան հնարաւոր նկատած էր նաեւ ԱՄՆ–Ուքրանիա–Ռուսիա եռակողմ բանակցութիւններու կազմակերպումը յառաջիկայ տասը օրերուն ընթացքին։