image

Խաչատուրեան Ալիեւի հետ փանելային քննարկման անդրադարձած է խաղաղութեան գործընթացին

Խաչատուրեան Ալիեւի հետ փանելային քննարկման անդրադարձած է խաղաղութեան գործընթացին

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը Տաւոսի համաշխարհային տնտեսական ֆորումի շրջածիրէն ներս կազմակերպուած «Սահմանելով Եւրասիական տնտեսական ինքնութիւնը» խորագրով փանելային քննարկման ընթացքին անդրադարձած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացին:

«Ապագան կախուած է մեզանից, ես նկատի ունեմ մեր երկրների ղեկավարներից, իսկ մեր երկրների ղեկավարները ցոյց են տուել իրենց պատրաստակամութիւնը, ցուցաբերել են քաղաքական խիզախութիւն եւ կամք, որոնք կը հաստատեն այդ խաղաղութիւնը»,- նշած է նախագահը։

Հանրապետութեան նախագահն իր խօսքին մէջ ընդգծած է, որ խաղաղութեան ճանապարհին յաջողութեան հասնելու գրաւականը երկու երկիրներու միջեւ ձեռք բերուած յստակ պայմանաւորուածութիւններն ու փոխադարձ յարգանքն է իրար ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ իրաւազօրութեան նկատմամբ։