image

Այսօր սիրոյ բարեխօս Սուրբ Սարգիսի տօնն է

Այսօր սիրոյ բարեխօս Սուրբ Սարգիսի տօնն է

Այսօր՝ յունուար 31-ին, սիրոյ բարեխօս Սուրբ Սարգիսի տօնն է, նաեւ սուրբ Սարգիս զօրավարի յիշատակութեան եւ երիտասարդներու օրհնութեան օրը, որ կը նշուի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կողմէ։

Տօնը շարժական է, կը նշուի Սուրբ Զատկէպ 63 օր առաջ՝ սովորաբար յունուարի 18-ի եւ փետրուար 23-ի միջակայքը՝ շաբաթ օրը։ Սուրբ Սարգիս զօրավարը կը համարուի երիտասարդ զոյգերու եւ սիրահարներու բարեխօսը։ Սուրբ Սարգիս զօրավարը կարգուած է համաքրիստոնէական աշխարհի սուրբերու դասին։

Աւանդազրոյցի համաձայն՝ ան իր որդիի՝ Մարտիրոսի եւ 14 քաջ մարտիկներու հետ նահատակուած է յանուն քրիստոնէական հաւատքի։ Կոստանդիանոս կայսրը, որ նոյնպէս կը համարուի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ սուրբերէն, նկատելով սբ. Սարգիսի արիութիւնը, անոր կը կարգէ հարեւան Կապադովկիոյ իշխան եւ սպարապետ։

Սբ. Սարգիսի պաշտամունքը Հայաստանի մէջ տարածուած է 5-րդ դարէն, երբ Մեսրոպ Մաշտոցը սբ. Սարգիսի մասունքներն ամփոփեց Կարբի աւանին մէջ եւ ատոն տեղը հիմնեց Ուշիի Սբ. Սարգիս եկեղեցին եւ համանուն վանքը։ Տեկորի տաճարը կը կրէ «Սբ. Սարգիսի վկայարան» անուանումը։

Սուրբ Սարգսի տօնը Հայաստանի մէջ կը նշեն ոչ միայն եկեղեցական ծէսով եւ աղօթքներով, այլեւ ժողովրդական աւանդոյթներով: Այսպէս, օրինակ, Սբ. Սարգիսի տօնին նախորդող գիշերը երիտասարդ աղջիկները աղի բլիթ կ՚ուտեն եւ կ՚ակնկալեն երազին մէջ տեսնել իրենց ապագայ փեսացուն։

Ընդունուած եղած է նաեւ տան տանիքին կամ պատշգամբի մէջ փոխինդ դնել եւ սպասել, թէ երբ Ս. Սարգիսը պիտի թողնէ իր ձիու պայտի հետքերը։ Ըստ աւանդոյթի՝ այն մարդը, ուրու ափսէին մէջ շաղ տուած ալիւրի կամ փոխինդի մէջէն կանցընի սուրբը, կը սպասուի մեծ յաջողութիւն։

Հին ժամանակներուն այդ օրն ընդունուած եղած է պատրաստել նաեւ օձի թթու կոչուող ապուրը։ Այն կը պատրաստուէր ոսպէ, մանրաձաւարէ, ալիւրէ եւ կ՚եփուի թթու ջուրի մէջ։

Շատ հաւատացեալներ կ՚այցելեն սբ. Սարգիս զօրավարի անունը կրող եկեղեցիներ՝ մասնակցելու այդ օրը մատուցուող պատարագին։