image

Պուլշիթ Walks…

Պուլշիթ Walks…

Համայնքային կազմակերպութիւններ որոնց ղեկավարները լուրջ դէմքերով լուրջ հարցերէ կը խօսին, մինչ իրենց շուրջ հազարներով հայ երիտասարդներ օտարման (alienation) մէջ են. կառոյցներ որոնք օրէ-օր կը սնանկանան եւ գաղափարապէս կը հիւծին, բայց մեծ show-երով եւ համաժողովներով իրենց համակիրներուն հաւատարմութիւնը կը մսխեն։

Ամերիկահայ Ազգային-քաղաքական գործիչ Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան կը գրէ՝ 

Երէկ միտքս joke մը եկաւ երբ կը կարդայի մեր ազգային իրականութեան հետ կապուած որոշ ծանուցում մը։

Ուստա Յակոբը, իր ընկերներուն հետ զրոյցի պահուն, կ՚ըսէ. 

«Շատ երջանիկ եմ որ տանս մէջ բոլոր անիմաստ, մանր-մունր ընտանեկան գործերով ու որոշումներով կինս կը զբաղի. օրինակ՝ ի ՞նչ եւ ու ՞ր պիտի ճաշենք, ի ՞նչ տան մէջ պիտի բնակինք, մեր զաւակները ո ՞ր դպրոցները պիտի յաճախեն, ընտանիքի ընթացիկ ծախսերը ի ՞նչ ուղղութիւններով պիտի կատարենք...»:

Ընկերներէն մին, ապշած կը հարցնէ. « իսկ դու ՞ն ինչ հարցերով կը զբաղիս»:

Յակոբը կը պատասխանէ՝ «ես աւելի լուրջ եւ կարեւոր հարցերով կը զբաղիմ, օրինակ՝ Թրամփ-Փութին հանդիպում մը ի ՞նչ եզրակացութեան կրնայ հասնիլ, ռուս- ուքրանիական պատերազմի ապագան ի ՞նչ պիտի ըլլայ, արաբ-իսրայէլեան հակամարտութիւնները ու ՞ր պիտի հասնին, եւայլն»:

Եւ ահա կը հետեւիմ հայ քաղաքական «վերլուծաբաններու» եւ առաջնորդներու որոնք առանց միջ-պետական համաձայնագրի մը տարրին ու մանրամասնութիւններուն իսկ ծանօթանալու, անոր մասին կարծիք կը յայտնեն (ու աւելի վտանգաւորը՝ կը դիրքաւորուին), քաղաքական նկրտումներով մարդիկ մեծ-մեծ կը ճառեն ազգի ապագայէն երբ իրենց անմիջական շրջապատը քար ու քանդ ըլլալու վրայ է, կը հաւակնին սփիւռքի ապագան քննարկել եւ իբր թէ մարտահրաւէրներ դիմագրաւել, մինչ իրենց տուեալներն ու հայեացքները քսան-երեսուն տարուան վաղեմութիւն ունին։ Համայնքային կազմակերպութիւններ որոնց ղեկավարները լուրջ դէմքերով լուրջ հարցերէ կը խօսին, մինչ իրենց շուրջ հազարներով հայ երիտասարդներ օտարման (alienation) մէջ են. կառոյցներ որոնք օրէ-օր կը սնանկանան եւ գաղափարապէս կը հիւծին, բայց մեծ show-երով եւ համաժողովներով իրենց համակիրներուն հաւատարմութիւնը կը մսխեն։

Անգամ մը եւս կը հասկնամ, թէ մեր երէցները շատ ճիշտ էին երբ մեզ կը խրատէին այն պարզ տրամաբանութիւնը որ կ՚ըսէր թէ՝ մարդ պէտք է խօսի միայն հարցերէ որոնցմէ ինքը տեղեկացուած է. կամ այն թէ արտասանուած խօսքը պէտք է գործով ապացուցելի բան մը ըլլայ, այլապէս կը վերածուի ճոռոմաբանութեան։ Խօսքը անհեթեթ եւ նոյնիսկ արկածախնդիր կը դառնայ, եթէ իրականութիւններու վրայ խարսխուած չ՚ըլլայ։ Ու դեռ ինչու ՞ զարմանալ, երբ բանիմաց մարդիկ կամ երիտասարդներ որոնք մեր օրերու ընձեռնած գիտութիւններով զինուած են, մեր իրականութենէն ՀԱԶԱՐՆԵՐՈՎ հեգնանքով կը հեռանան։

Մեծ-մեծ խօսքերը, մեծ-մեծ քննարկումներն ու մտքի սլացքները վէպերու եւ բանաստեղծութիւններու մէջ պէտք է տեղաւորել։ Իսկ ազգային իրականութեան մէջ - հայաստանեան թէ սփիւռքահայ - լուծումներու առաջարկները չափի եւ տրամաբանութեան սահմաններուն մէջ պէտք է կատարուին՝ միշտ զանազանելով ցանկութիւնն ու գաղափարական առաջադրանքը կիրարելիէն։ Միշտ ունենալ հասանելի միջոցներ, երբ ծրագիր մը կը մշակուի կամ նպատակ մը կ՚առաջադրուի։ Միշտ հասկնալ որ մարդիկ աչք ու ականջ ունին տեսնելու, լսելու, եւ այլեւս հասկնալու այն ինչ որ կը փորձուի ծածկել։

Անձնապէս, ես ջատագովն եմ իտէալներու ոյժին, ու նաեւ խոշոր ծրագիրներու հզօրութեան։ Վերջապէս կը հասկնանք թէ գաղափարն է որ նպատակ կը ծնի, նպատակն է որ ծրագրի կ՚ առաջնորդէ, իսկ ծրագիրն ալ գործի կը վերածուի։ Բայց վայ որ այս տրամաբանական շղթան քանդուի եւ անոնց յաջորդականութիւնը խախտի։