image

Սիպիլ - Երգարուեստ, Դժուար Ճամբայ Եւ Պոլսահայ Համայնք | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #60

Սիպիլ - Երգարուեստ, Դժուար Ճամբայ Եւ Պոլսահայ Համայնք  |  Եկէք Անկեղծ Խօսինք #60

🇹🇷🎵Թուրքիոյ մէջ երգելու մասին. Դժուա՞ր,  թէ՞ դիւրին ընտրանք։ 

🇦🇲Նպատակը միայն հայերէն երգել էր։ 

🌌«Երկինք նայեցայ եւ Աստուծմէ բան մը խնդրեցի». ի՞նչ էր խնդրանքը։ 

«Երջանկութեան արցունքներ»ը եւ Սիպիլը. Ի՞նչ առընչութիւն կայ։   

🇹🇷🇦🇲Սուպէր Սաքոյի երգերը Պոլսոյ հայկական թաղերուն մէջ, ինչպէ՞ս պատահեցաւ։ 

Առաջին անգամ ո՞վ ուրախութիւն պատճառեց Սիպիլին եւ իր առաջին սկաւառակը տարածեց Թուրքիոյ տասնեակ քաղաքներու մէջ։

🔴Այս բոլորին մասին Սագօ Արեան զրուցած է պոլսահայ հանրայայտ երգչուհի՝ Սիպիլին հետ։