Պոլսահայ Տոչ. Տօքթ. Ալիս Կոստանօղլու, որ շուրջ տասը տարիէ ի վեր մաս կը կազմէր Պէզմիալէմ հիմնարկ-համալսարանի ակադեմական կազմին, նշանակուած է համալսարանի առողջապահական գիտութիւններու բաժնի տեսուչի օգնական։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Համացանցի վրայ եւ ընկերային ցանցերու հայկական հարթակներուն վրայ հպարտութեամբ կարդացինք լուրը. Տոչ. Տօքթ. Ալիս Կոստանօղլու, որ շուրջ տասը տարիէ ի վեր մաս կը կազմէր Պէզմիալէմ հիմնարկ-համալսարանի ակադեմական կազմին, նշանակուած է համալսարանի առողջապահական գիտութիւններու ֆաքիւլթէի տեսուչի օգնական։
Տոչ. Տօքթ. Ալիս Կոստանօղլու նախակրթութեան ու միջնակարգի ուսումը ստացած է Մէրամէթճեան վարժարանի, իսկ լիսէի ուսումը՝ Էսաեան վարժարանի մէջ, 1990ին վկայուելով որպէս դպրոցի լաւագոյն շրջանաւարտ։ Ընդունուած է Իսթանպուլի համալասրանի բժշկական ֆաքիւլթէի ֆիզիք դարմանումի ու վերականգնողական բժշկութեան ճիւղ, 1998ին վերջացնելով մասթըրի ուսումը, իսկ 2013ին արժանանալով տոքթորայի աստիճանի։ 2021ին, ակադեմական աշխատութիւնները ամբողջացնելէ ետք ստացած է «Տոչենթ»ի կոչում։
Կը շնորհաւորենք զինքն ու նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք։