image

Բարի յիշատակ մը մնաց...

Բարի յիշատակ մը մնաց...

Քչախօս, զուարթախոհ ու թեթեւ հոգի մըն էր Տ. Տաթեւ Սրբազանը, որ այսօր կը բաժնուի մեզմէ եւ կը վերադառնայ մայր հողին , այն խորունկ համոզմամբ, որ նուիրական կերպով ծառայած է Հայց. Առաքելական եկեղեցիին ու այդ մաքուր ծառայութեամբ ալ պիտի յիշուի ու յիշատակուի զինք ճանչցածներուն, իր եղբայր միաբաններուն ու հաւատացեալ հօտին կողմէ։

 

 Սագօ Արեան լրագրողի էջ-էն կը կարդանք՝ 

Բարի յիշատակ մը մնաց...

Շատ հազուագիւտ առիթներով հանդիպած եմ այսօր վախճանած Տ. Տաթեւ արք. Սարգիսեանին։

Լսողաց եղած եմ Սրբազան հօր տարած գործունէութեան մասին, մանաւանդ Լիբանան եղած օրերուն (Եթէ չեմ սխալիր Սրբազանը կարեւոր աշխատանք տարած է հանդիսանալով «Զարեհեան դպրեվանք»ի տեսուչը։ Իսկ երբ դպրեվանքին մասին կը խօսիմ, կամ կը գրեմ, ապա այդ պարագային կը գրեմ երկիւղածութեամբ եւ լիառատ սիրով, որովհետեւ նուաստիս համար ալ Պիքֆայայի դպրեվանքը ունեցած է յատուկ տեղ եւ դեր։ Տեղ մեր ազգային կեանքին մէջ, ու դեր, իմ ընկալումներուս, քրիստոնէական կերտուածքիս առընթեր։ Դպրեվանքը ինչպէս երէկ այսօր եւս ամրոց է ինծի համար)։

Հայաստան տեղափոխուելէս ետք էր անշուշտ, որ Սրբազան հօր անձամբ ծանօթանալու առիթ ունեցայ եւ զինք յաճախ կը տեսնէի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ աւագ միաբան հայրերէն եւ Գանատայի երբեմնի Առաջնորդ Տ. Խաժակ արք. Յակոբեանին հետ (ԱԾ երկար կեանք պարգեւէ սիրելի Խաժակ Սրբազանին)։

Քչախօս, զուարթախոհ ու թեթեւ հոգի մըն էր Տ. Տաթեւ Սրբազանը, որ այսօր կը բաժնուի մեզմէ եւ կը վերադառնայ մայր հողին , այն խորունկ համոզմամբ, որ նուիրական կերպով ծառայած է Հայց. Առաքելական եկեղեցիին ու այդ մաքուր ծառայութեամբ ալ պիտի յիշուի ու յիշատակուի զինք ճանչցածներուն, իր եղբայր միաբաններուն ու հաւատացեալ հօտին կողմէ։

Յիշեցնեմ նաեւ, որ Տ. Տաթեւ Սրբազանը զարմիկն էր (եթէ չեմ սխալիր հորեղբօրորդին՝ Երջնկ. Տ. Գարեգին Ա. Կաթողիկոս Սարգիսեանին)

Հոգիդ լոյսերու մէջ ննջէ Սիրելի Սրբազան։

 

Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցող հասարակութեան կը ներկայացնենք Սրբազան Հօր  Մահազդը, որ հրապարակուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի  դիմատետրեան  պաշտօնական էջով։

 

ՄԱՀԱԶԴ

Ի Տէր ննջեց Տ. Տաթեւ արքեպիսկոպոս Սարգիսեան

Խոր ցաւով կը յայտնենք, թէ փետրուար 20-ին, կեանքի 85-րդ տարուան մէջ, երկարատեւ հիւանդութենէ ետք, իր մահկանացուն կնքեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիցագոյն միաբաններէն՝ Տ. Տաթեւ արքեպիսկոպոս Սարգիսեան։

Նորին Սրբութիւն Օծեալ Տէր Տէր Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, ինչպէս նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութիւնը խորապէս կը սգան բարեյիշատակ Սրբազան Հօր մահը եւ աղօթք կը բարձրացնեն անոր հոգւոյն հանգստութեան համար։

Փետրուար 23-ին, ժամը 17։00-ին, Սուրբ Գայիանէ վանքին մէջ պիտի կատարուի Սրբազան հօր Եկեղեցւոյ կարգը։ Փետրուար 24-ին, ժամը 11։00-ին, Սուրբ Պատարագի ընթացքին պիտի կատարուի հանգուցեալ Սրբազանին վերջին օծումը, ապա՝ յուղարկաւորութեան արարողութիւնը։

Յիշատակ արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։

 

Կենսագրական տուեալներ

Տ. Տաթեւ արքեպիսկոպոս Սարգիսեան ծնած է 1941 թուականին, Հալէպի մէջ։

Նախնական կրթութիւնը ստացած է Հալէպի Ազգային Հայկազեան վարժարանին մէջ։ 1953-1957 թուականներուն ուսանած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքին մէջ։

1957-ին ձեռնադրուած է սարկաւագ՝ ձեռամբ Արտակ արքեպիսկոպոս Մանուկեանի։

1960-ին ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ, իսկ 1962-ին ստացած է վարդապետութեան չորս աստիճանները՝ ձեռամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Զարեհ Ա Կաթողիկոսի։

1962-1965 թուականներուն ուսանած է King's College London համալսարանին մէջ։

1972-ին արժանացած է ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճանի։

1974-ին, ձեռամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Խորէն Ա Կաթողիկոսի, ձեռնադրուած եւ օծուած է եպիսկոպոս։

1980-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ Կաթողիկոսի սրբատառ կոնդակով, արժանացած է արքութեան տիտղոսի։

1965-1995 թուականներուն ստանձնած է մանկավարժական, վարչական եւ առաջնորդական զանազան պաշտօններ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իշխանութեան ներքոյ։

1995-ին տեղափոխուած է Հայաստան եւ վարչական ու մանկավարժական ծառայութիւն ստանձնած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինին մէջ։

Յիշատակն անոր օրհնութեամբ մնայ ի սերունդս սերունդ։