image

«Իսլամական պետութեան» յարձակման հետեւանքով սուրիական բանակի զինուորներ զոհուած եւ վիրաւորուած են

«Իսլամական պետութեան» յարձակման հետեւանքով սուրիական բանակի զինուորներ զոհուած եւ վիրաւորուած են

«Իսլամական պետութիւնը» (ԻՊ) ստանձնած է Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող Ռաքքայի նահանգին մէջ տեղի ունեցած յարձակման պատասխանատւութիւնը, որու հետեւանքով զոհուած է 4, վիրաւորուած՝ սուրիական բանակի 3 զինուոր։ Այս մասին հաղորդած է Syria TV-ն։

Խմբաւորման «Ամաք» լրատուական գործակալութիւնը հաղորդած է, որ «Իսլամական պետութեան» զինեալները փետրուար 24-ին յարձակում գործած են Ռաքքա քաղաքի մօտակայքը գտնուող Սուրիոյ ներքին անվտանգութեան ուժերու դիրքի վրայ։ Գործակալութեան հաղորդմամբ՝ «Իսլամական պետութեան» զինեալները մօտեցած են սուրիական բանակի դիրքին եւ մօտ հեռաւորութենէ կրակ բացած են դիրքի ուղղութեամբ, որու հետեւանքով զոհեր եւ վիրաւորներ արձանագրուած են։

Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը եւս յայտնած է յարձակման, զոհերու եւ վիրաւորներու մասին՝ նշելով, որ անվտանգութեան ուժերը կրցած են չէզոքացնել յարձակող խումբի անդամներէն մէկը, մինչդեռ մնացած անդամները հետապնդելու գործողութիւնները կը շարունակուին։

Ներքին գործոց նախարարութիւնը նշած է, որ այս յարձակումը վերջին օրերու ընթացքին երկրորդն էր՝ պարզաբանելով, որ նոյն անցակէտը յարձակման ենթարկուած է նաեւ փետրուար 22-ին, որու ընթացքին չէզոքացուած է յարձակողներէն մէկը։

Տեղեկութիւններ կը հաղորդուին, որ «Իսլամական պետութիւնը» զինուած յարձակում գործած է նաեւ Սուրիոյ արեւելքը գտնուող Տէր Զօրի նահանգին մէջ։

«Իսլամական պետութեան» յարձակումներն աշխուժացած են այն բանէ ետք, երբ «Իսլամական պետութեան» պաշտօնական խօսնակը կոչ ըրած է առաջնահերթութիւն դարձնել Սուրիոյ կառավարութեան դէմ պայքարը։