image

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունեց ՀՅԴ պատուիրակութիւնը

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունեց ՀՅԴ պատուիրակութիւնը

ՀՅԴ պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի, այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։

Ստորեւ՝ այցելութեան մասին Մայր Աթոռին հրապարակած հաղորդագրութիւնը։

20 Փետրուարին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց տարբեր երկիրներէ ժամանած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ղեկավար կազմի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի։

Նորին Սրբութիւնը իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը յայտնեց ներկաներուն՝ անոնց ազգանուէր իրագործումներուն առնչութեամբ, պատգամելով շարունակել ջանքեր ներդնել հայրենիքի զօրացման, ազգի զաւակներուն արժանապատիւ եւ ապահով կեանքի կերտման, ինչպէս նաեւ մերօրեայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման ուղղութեամբ։

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ ազգային-եկեղեցական կեանքը յուզող խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ իշխանութիւններուն կողմէ իրականացուող հակաեկեղեցական գործողութիւններուն, որոնք կը խաթարեն եկեղեցականներու բնականոն առաքելութիւնն ու հաւատացեալներու հոգեւոր կեանքը։

Նորին Սրբութիւնը հաստատեց, թէ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն՝ Եկեղեցին եւ հոգեւոր դասը անշեղօրէն պիտի շարունակեն իրենց հոգեփրկչական եւ ազգապահպան առաքելութիւնը՝ ի նպաստ հայոց կեանքի պայծառութեան եւ բարօրութեան։

Պատուիրակութեան անդամները իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին եւ Վեհափառ Հայրապետին՝ կարեւորելով Հայոց Եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդն ու առաքելութիւնը հայոց պետականութեան զօրացման եւ ազգային ինքնութեան պահպանման գործին մէջ։