Լեզուն Սփիւռքով մէկ՝ հայերէնը իր հեռանկարներով.
Միջգիտակարգային գիտաժողով Հարաւային Քալիֆորնիոյ Համալսարանին մէջ (USC), Լոս Անճելըս
Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը ուրախութեամբ կը յայտարարէ «Լեզուն Սփիւռքով մէկ՝ հայերէնը իր հեռանկարներով» գիտաժողովին յայտագիրը։
Գիտաժողովը կազմակերպուած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ Համալսարանի «Dornsife» Հայագիտական Հիմնարկին հետ համագործակցութեամբ. տեղի պիտի ունենայ 27 փետրուար – 1 մարտ 2026, Լոս Անճելըս, USC-ի «Taper Hall of Humanities» սրահին մէջ:
Հայերէնը ինչպէ՞ս կրնայ բարգաւաճիլ Սփիւռքի մէջ։ Կորուստի կամ նահանջի պատումներու վրայ կեդրոնանալու փոխարէն, գիտաժողովը միտումնաւոր կերպով ուշադրութիւնը կը սեւեռէ նորարարութեան, ստեղծագործութեան եւ յաջողութեան օրինակներու՝ լուսարձակի տակ առնելով այն նախաձեռնութիւնները, ռազմավարութիւնները եւ աշխատանքները, որոնց շնորհիւ հայերէնը մնայուն եւ կենսունակ կը դառնայ թէ՛ իր գրական չափանիշներով եւ թէ՛ խօսակցական ու բարբառային ձեւերով՝ տարբեր սերունդներու եւ աշխարհագրական վայրերու միջեւ: Այս հարցումին կեդրոնը կը գտնուի հայերէնի կայունութիւնը Սփիւռքի համայնքներուն մէջ:
Երեք օրուան ընթացքին, մասնակիցները պիտի արծարծեն զանազան թեմաներ, ինչպէս՝ լեզուական քաղաքականութիւն եւ գնահատում, ժառանգական լեզուի փոխանցում, նախակրթական եւ համալսարանական մակարդակի լեզուի կրթութիւն, միջլեզուական եւ իւրացման կիրարկումներ, ստեղծագործութեան եւ արուեստի լեզուական փորձառութիւններ, լրագրութիւն, արհեստական բանականութիւն, ինչպէս նաեւ՝ հայերէնի ապագան թուային աշխարհին մէջ: Յայտագիրը առաջնահերթութիւն կու տայ թէ՛ արեւմտահայերէնին, թէ՛ արեւելահայերէնին՝ ներկայացնելով համաշխարհային հեռանկարներ Հայաստանէն, Միջին Արեւելքէն, Եւրոպայէն, Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներէն:
Դոկտ. Ռութ Քիրշըրի եւ Դոկտ. Մարիա Փոլինսքիի պիտի ըլլան գիտաժողովին գլխաւոր բանախօսները: Անոնց կից պիտի ներկայացուին դասաւանդման նորարարական մեթոտներ, արուեստի եւ թուային աշխարհին մէջ լեզուի ստեղծագործական կիրարկումներ, ինչպէս նաեւ՝ լեզուի վերաշխուժացման նորագոյն ձեւեր։ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքի տնօրէն Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանը պիտի վարէ երկու կլոր սեղաններ, որոնցմէ մէկն է՝ «Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան մօտեցումը՝ լեզուական կայուն կենսոլորտի մը կառուցումը Սփիւռքի մէջ»: Հիմնարկութեան արեւմտահայերէնի եւ մանկավարժական ծրագիրներու աւագ պատասխանատու Անի Կարմիրեանը հանդէս պիտի գայ գիտաժողովի եզրափակիչ խօսքով:
Գիտաժողովին մուտքը ազատ է եւ հանրութեան բաց, սակայն արձանագրութիւնը պարտադիր է:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար` այցելեցէք https://gulbenkian.pt/armenian-communities/ էջը, բաժանորդագրուեցէք Բաժանմունքի տեղեկատուին եւ հետեւեցէք մեր Facebook-ի էջին՝ https://www.facebook.com/gulbenkian.armenian.communities