image

Երեւանի մէջ կրակոց եւ վիրաւորներ

Երեւանի մէջ կրակոց եւ վիրաւորներ

Այսօր՝ Հոկտեմբեր 11-ին, Երեւանի մէջ կրակոցներ արձակուած են, որոնց հետեւանքով կան վիրաւորներ։

Ինչպէս դէպքի վայրէն կը հաղորդէ ֆոթոլրագրող Գագիկ Շամշեան, ժամը 01։10-ի սահմաններուն տեղեկութիւններ ստացուած են, թէ Խաչատուր Աբովեանի թանգարանին մօտակայքը՝ բնակելի տուներէն մէկուն մօտ, կրակոցներ արձակուած են։ Դէպքին հետեւանքով Երեւանի 103 շտապօգնութեան բժիշկներու հերթապահ խումբը հրազէնային վնասուածքներով երկու անձ տեղափոխած է Միքայէլեանի անուան վիրաբուժութեան հիմնարկ։ Երրորդ վիրաւոր մըն ալ Թիֆլիսեան խճուղիէն՝ ժողովուրդին յայտնի Լամպերու գործարանի խաչմերուկէն, տեղափոխուած է հիւանդանոց։

Բժիշկները ոստիկաններուն յայտնած են, որ վիրաւորները ի վիճակի չեն դէպքին վերաբերեալ բացատրութիւն տալու, քանի որ կը գտնուին վիրահատութեան սրահին մէջ։

Այս պահուն քրէական եւ համայնքային ոստիկանները արդէն ճշդած են դէպքերուն վայրերը, ուր յայտնաբերած են ինքնաձիգէն արձակուած պարկուճներ, ինչպէս նաեւ չկրակուած պարկուճներ եւ արիւնանման հետքեր։

Իսկ Թիֆլիսեան խճուղիին վրայ պարեկները, իրենց կեանքը վտանգելով, վնասազերծած են ինքնաձիգով զինուած տղամարդը, որուն վրայ նոյնպէս արիւնանման հետքեր եղած են։ Պարեկները անոր տեղւոյն վրայ անհրաժեշտ բժշկական օգնութիւն ցուցաբերած են, ապա ժամանած 1-02 շտապօգնութեան խումբը զինք տեղափոխած է Երեւանի թիւ 8 հիւանդանոց։

Դէպքին առնչութեամբ քննչական բաժանմունքին մէջ քրէական վարոյթ նախաձեռնուած է։