image
Հրատապ լուրեր:

Իրան Պահրէյնի մէջ ամերիկեան «Patriot» համակարգերու երկու ռատար հարուածած է

Իրան Պահրէյնի մէջ ամերիկեան «Patriot» համակարգերու երկու ռատար հարուածած է

 

Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդը յայտարարած է, որ Նոյեմբեր 21-ի երեկոյեան հրթիռներով եւ անօդաչու թռչող սարքերով հարուածած է Պահրէյնի մէջ տեղակայուած ամերիկեան «Patriot» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու երկու ռատարները։

Իրանի պետական «Press TV»ի հաղորդմամբ՝ Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի գործողութիւնը ներկայացուցած է որպէս պատասխան ամերիկեան անօդաչու թռչող սարքերուն կողմէ Իրանի օդային տարածքի ենթադրեալ խախտումներուն։

Պահրէյնի զինուած ուժերը յայտնած են, որ երկրի հակաօդային պաշտպանութիւնը կանխած է իրանական շարք մը օդային յարձակումներ։ Պահրէյնի ներքին գործոց նախարարութեան համաձայն՝ իրանական հարուածին հետեւանքով հրդեհ բռնկած է քաղաքացիական արդիւնաբերական կառոյցի մէջ։ Տուժածներ չկան։