Անահիտ Քէշիշեան ծնած էր 6 Փետրուար 1936-ին։ Ան իր ամբողջ կեանքը նուիրած էր ընտանիքին՝ ըլլալով սիրող ու հոգատար մայր, մեծ մայր, քոյր, հօրաքոյր եւ հարազատ։ Ան միշտ իր ընտանիքին կողքին եղած էր՝ իր սիրով, նուիրումով եւ քրիստոնէական հաւատքով զօրակցելով հարազատներուն։
Հանգուցեալ Անահիտ Քէշիշեանի հոգեհանգստեան կարգը պիտի կատարուի Կիրակի, 29 Նոյեմբերին, Վեն Նայսի Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի։
Անահիտ Քէշիշեան ծնած էր 6 Փետրուար 1936-ին։ Ան իր ամբողջ կեանքը նուիրած էր ընտանիքին՝ ըլլալով սիրող ու հոգատար մայր, մեծ մայր, քոյր, հօրաքոյր եւ հարազատ։ Ան միշտ իր ընտանիքին կողքին եղած էր՝ իր սիրով, նուիրումով եւ քրիստոնէական հաւատքով զօրակցելով հարազատներուն։
Հայեցի դաստիարակութեան եւ քրիստոնէական արժէքներու փոխանցումը եղած էր իր կեանքի կարեւորագոյն առաքելութիւններէն մէկը։ Թէեւ ան ֆիզիքապէս բաժնուած է իր սիրելիներէն, սակայն իր ապրած կեանքին հետքը, բարութիւնն ու յիշատակը պիտի շարունակեն ապրիլ զինք ճանչցողներուն եւ իր հետ ուրախ ու տխուր օրեր բաժնողներուն սրտերուն մէջ։
Հոգեհանգստեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Վեն Նայսի Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ մէջ (17231 Sherman Way, Van Nuys)։