image

Անթիլիասի մայրավանքին մէջ ինը երիտասարդ միաբան հայրեր պաշտպանեցին իրենց աւարտաճառերը՝ Արամ Ա. վեհափառի նախագահութեամբ

Անթիլիասի մայրավանքին մէջ ինը երիտասարդ միաբան հայրեր պաշտպանեցին իրենց աւարտաճառերը՝ Արամ Ա. վեհափառի նախագահութեամբ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մէջ շարունակուող գիտական եւ հոգեւոր պատրաստութեան աւանդութեան ծիրէն ներս, Շաբաթ, 21 Նոյեմբեր 2026-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ Ծայրագոյն Վարդապետութեան թեկնածու ինը երիտասարդ միաբան հայրերու աւարտաճառերու պաշտպանութիւնը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ եւ Մեսրոպ Արք.ի ներկայութեամբ։ Նշենք, որ   ԱՄԷ,ի Քաթարի եւ   շրջակայ երկիրներու Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. պիտի կատարէ  Ձեռնադրութիւնը  ինը երիտասարդ միաբաններու։

Ստորեւ սոյն կարեւոր արարողութեան մասին հրապարակուած հաղորդագրութիւնը՝

Աւելի քան երկու ժամ տեւած պաշտպանութեան ընթացքին ներկայացուած աշխատասիրութիւնները կ՚ընդգրկէին աստուածաբանական, եկեղեցագիտական, պատմագիտական եւ արխիւային ուսումնասիրութիւններ՝ անդրադառնալով նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշագրական ժառանգութեան։ Ինը հայր սուրբերուն այս գիտական աշխատանքները կարեւոր ներդրում են Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի պատմական ու հոգեւոր ժառանգութեան ուսումնասիրման եւ պահպանման գործին մէջ։

Վաղը՝ Կիրակի, 22 Նոյեմբերին, ինը միաբան հայրերը Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ պիտի ստանան Ծայրագոյն Վարդապետութեան աստիճան։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սուրբ Աթոռի կեանքէն ներս, վերջին երեսուն տարիներուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ հաստատուած աւանդութեան համաձայն, ինչպէս Վարդապետական գաւազանի, նոյնպէս ալ Ծայրագոյն Վարդապետութեան աստիճաններու տուուչութեան նախօրեակին, սկսած է աւարտաճառերու (թեզերու) պաշտպանութեան աւանդութիւնը։ Այս առիթով կը ներկայացուին Ծայրագոյն Վարդապետութեան թեկնածու միաբան հայրերուն պատրաստած վարդապետական, աստուածաբանական կամ արխիւային աշխատասիրութիւններն ու ուսումնասիրութիւնները։

Արդարեւ, Շաբաթ, 21 Նոյեմբեր 2026-ի առաւօտեան ժամը 10։00-ին, «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ եւ գերաշնորհ, գերապատիւ ու հոգեշնորհ միաբաններուն, ինչպէս նաեւ Դպրեվանքի բարձր կարգի աշակերներու ներկայութեամբ, տեղի ունեցաւ Ծայրագոյն Վարդապետութեան թեկնածու հայր սուրբերուն աւարտաճառերու պաշտպանութիւնը, որ տեւեց աւելի քան երկու ժամ։

Կ՚արժէ յատկապէս ընդգծել, որ ինը թեկնածուներուն աշխատասիրութիւնները հարուստ գիտական եւ մտաւոր ժառանգութիւն մը կը ներկայացնեն։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը կարեւոր ներդրում է իր համապատասխան բնագաւառին մէջ՝ ըլլա՛յ աստուածաբանութեան եւ եկեղեցագիտութեան, ըլլա՛յ Հայոց Ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան։

Ստորեւ կը ներկայացնենք հայր սուրբերուն աւարտաճառերու նիւթերը, որոնք վաղը՝ Կիրակի, 22 Նոյեմբեր 2026-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ պիտի ստանան Ծայրագոյն Վարդապետութեան տասը աստիճաններ.-

Վահրիճ Վրդ. Ղարախանեան

Յուշագրութիւններ առնչուած 1915-ի Ցեղասպանութեան.-

- Ֆընտըճագի ինքնապաշտպանութիւն — Ադդէ քահանայ Փայլակեան

- Շապին Գարաիսարի ինքնապաշտպանութիւն — Ադդէ քահանայ Փայլակեան

- Սուէտիոյ ինքնապաշտպանութիւն (Մուսատաղ) — Ադդէ քահանայ Փայլակեան

- Բոսոր (Պուսէյրա) Աքսորեալ քահանաներ — Անյայտ Հեղինակ։

Վաչէ Վրդ. Պալըքճեան

Երիտասարդութեան հոգեւոր վերազարթօնքը եւ մասնակցութիւնը եկեղեցական կեանքին:

Վիգէն Վրդ. Տալգըլըճեան

Յուշագրութիւն Նիր Իսթ Ռիլիֆ Ամերիկեան Որբանոցէն - 1924-1930 — Յակոբ Արսէնեան

Պսակ Վրդ. Թէփիրճեան

Յովհաննու Աւետարանի Ներածութեան Ուղեցոյց

Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան

Մեծ Եղեռնէն Տէր-Զօրի Յուշերս (Ա. Հատոր) — Տոքթ. Խ. Գրիգորեան

Զաւէն Վրդ. Նաճարեան

Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանի Երաժշտական Հատորներ (13 Հատոր):

Արտաւազդ Վրդ. Շարոյեան

Խաչատուր Տումանեանի Յուշերը Սեբաստիոյ Գաւազ Գիւղէն:

Լեւոն Վրդ. Եղիայեան

Ճէզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդութեան Թղթակցութիւնները (1941-1963) (3 Հատոր):

Օշին Վրդ. Չուալերթանեան

Տօնք Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ — Մաղաքիա Արք. Օրմանեան: