image
Հրատապ լուրեր:

Իրան չի պատրաստուիր քննարկել Հորմուզի նեղուցի բացման հարցը

Իրան չի պատրաստուիր քննարկել Հորմուզի նեղուցի բացման հարցը

 

Իրան պատրաստ չէ քննարկելու Հորմուզի նեղուցի վերաբացման հարցը, այնքան ատեն որ Միացեալ Նահանգները չէ կատարած Իսլամական Հանրապետութեան պահանջները։ Այս մասին Շաբաթ օր յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչի։

«Մեր դիրքորոշումն այն է, որ այնքան ատեն որ Իրանի պահանջները չեն կատարուած, Հորմուզի նեղուցին եւ զայն վերաբանալու հարցի քննարկումը անիմաստ է», ըսած է Արաքչի՝ «Tasnim» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցին ընթացքին։

Անոր խօսքով՝ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ, միջնորդներու միջոցով, քաղաքական խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին պարբերաբար։ Արաքչի նշած է, որ Հորմուզի նեղուցի հարցով վերջին խորհրդակցութիւնը Օմանի ներկայացուցիչներուն հետ կատարած էր չորս օր առաջ։ Բացի այդ, նախօրէին Թեհրան այցելած էր Քաթարի պատուիրակութիւնը։ Նախարարին համաձայն՝ միջնորդներուն հետ առաջարկներու եւ գաղափարներու փոխանակումը շարունակական բնոյթ ունի։

Աւելի վաղ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած էր, որ Միացեալ Նահանգներուն փոխանցած է Հորմուզի նեղուցի վերաբացման եօթնօրեայ ծրագիր մը՝ ծովային շրջափակման եւ արտահանման սահմանափակումներու վերացման դիմաց։

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ մերժած էր այդ առաջարկը։ Ներկայիս Թեհրան եւ Ուաշինկթըն միջնորդներու միջոցով կը շարունակեն հաղորդագրութիւններ փոխանակել՝ Իրանի պահանջներու կատարման շուրջ։