Երեւանի Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցած է Կենսաբազմազանութեան մասին համաձայնագիրի կողմերու 17-րդ համաժողովի (COP17) շրջածիրէն ներս կազմակերպուող Առաջնորդներու գագաթնաժողովի բացման արարողութիւնը։
Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը։
Նախ տեղի ունեցած է գագաթնաժողովին մասնակից պետութիւններու, կառավարութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներու դիմաւորման արարողութիւնը։
Մասնաւորապէս, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան դիմաւորած են ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշը, Ղազախստանի Հանրապետութեան նախագահ Քասիմ-Ժոմարթ Թոքաեւը, Տաճիկիստանի Հանրապետութեան նախագահ Էմոմալի Ռահմոնը, Ղրղզստանի Հանրապետութեան նախագահ Սատիր Ժափարովը, Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիձէն, Զանզիպարի Ինքնավարութեան նախագահ Հուսէյն Ալի Մվինյին, Ալճերիոյ Ժողովրդական Հանրապետութեան Ազգային խորհուրդի խօսնակ Ազուս Նասրին եւ Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Լուիզ Մուշիկիվապոն։
Գագաթնաժողովին մասնակից պատուիրակութիւններու միւս ղեկավարները դիմաւորած է Շրջակայ միջավայրի նախարար Համբարձում Մաթեւոսեան։
Այնուհետեւ տեղի ունեցած է Առաջնորդներու գագաթնաժողովի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։