Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայ գտնուած է «Փրոֆալ» (PROFAL) ապակիի մշակման նոր գործարանի բացման արարողութեան։ Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը։
Նիկոլ Փաշինեան շրջապտոյտ կատարած է նորաբաց գործարանին մէջ՝ ծանօթանալով ստեղծուած հնարաւորութիւններուն, ներդրուած արդիական սարքաւորումներուն, ինչպէս նաեւ արտադրական գործընթացի անվտանգութեան եւ որակի ապահովման համակարգերուն։
Ալիւմինէ դռներ եւ պատուհաններ արտադրող «Փրոֆալ» ընկերութիւնը Նայիրի համայնքի արդիւնաբերական գօտիին մէջ կառուցած է ապակիի մշակման նոր գործարան։ Այն կառուցուած է հիմքէն՝ եւրոպական եւ ամերիկեան բարձր չափանիշերուն համապատասխան։
Շինարարութեան եւ արդիական սարքաւորումներու ձեռքբերման համար կատարուած է շուրջ 20 միլիոն տոլարի ներդրում։ Առաջիկայ երկու տարիներուն նախատեսուած է եւս 10 միլիոն տոլարի ներդրում։
Ընդգծուած է, որ ներդրումային ծրագիրին իրականացման ընթացքին ընկերութիւնը օգտուած է պետական աջակցութեան գործիքէն։ Լիզինկով ձեռք բերուած հաստոցներուն տոկոսադրոյքները առաջին երեք տարիներու ընթացքին կը նպաստաւորուին ՀՀ կառավարութեան կողմէ։ «Փրոֆալ» ընկերութեան հետ կնքուած է լիզինկի 7 պայմանագիր, որոնց շրջածիրէն ներս պետութիւնը շուրջ 227 միլիոն դրամի տոկոսադրոյքի նպաստաւորում կատարած է։
Գործարանի շահագործման շնորհիւ արդէն ստեղծուած է 75 նոր աշխատատեղ։ Առաջիկայ փուլին նախատեսուած է ստեղծել եւս 100 աշխատատեղ։ Նախատեսուած նոր աշխատատեղերուն ստեղծումէն ետք «Փրոֆալ»ի աշխատակիցներուն ընդհանուր թիւը պիտի գերազանցէ 600-ը։
Մանրամասնութիւններ ներկայացուած են նաեւ արտահանման շուկաներու եւ ներուժի ընդլայնման վերաբերեալ։ Ըստ այդմ՝ ներկայիս ընկերութեան արտադրանքը կ՚արտահանուի շարք մը երկիրներ, որոնց շարքին են ԱՄՆ-ը, Գանատան, Ֆրանսան, Միացեալ Թագաւորութիւնը, Սէուտական Արաբիան եւ այլ երկիրներ։
«Փրոֆալ»ի արտադրանքին 80 տոկոսը կը սպառուի տեղական շուկային մէջ, իսկ 20 տոկոսը կ՚արտահանուի։ Նոր գործարանին շահագործմամբ նպատակ դրուած է փոխելու այս համամասնութիւնը եւ զգալիօրէն մեծցնելու արտահանման բաժինը։