Իրանի մեծ ժողովուրդը Թրամփին ռազմավարական խոշոր պարտութեան մատնեց թէ՛ ռազմի դաշտին վրայ, թէ՛ Հորմուզի նեղուցին մէջ, ինչպէս նաեւ ծանր քաղաքական պարտութեան՝ Ուաշինկթընի մէջ։ Այս մասին յայտարարած է Իրանի գերագոյն առաջնորդին խորհրդական Մոհսէն Ռեզային։
«Ամերիկայի քաղաքացիներն ու ԱՄՆ-ի կառավարութիւնը իրենց ուսերուն կը կրեն Թրամփի ռազմատենչ քաղաքականութեան չափազանց ծանր ծախսերը։ Ով որ դուրս գայ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դէմ, ծանր գին պիտի վճարէ՝ սկսեալ ռազմի դաշտէն մինչեւ իր տան շեմը», նշած է ան։